Չինաստանի նախագահ Շի Ճինփինկի, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ հնարաւոր եռակողմ հանդիպում կազմակերպելու շուրջ բանակցութիւններ կը վարուին։
Այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մաո Նինը։ Անոր խօսքով՝ Փեքին այս հարցով կապ կը պահէ թէ՛ Մոսկուայի, թէ՛ Ուաշինկթընի հետ։
AFP լրատուական գործակալութեան տեղեկութիւններով՝ եռակողմ բանակցութիւնները կրնան տեղի ունենալ «Ասիա-Խաղաղ ովկիանոսեան տնտեսական համագործակցութիւն» (APEC) կազմակերպութեան գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, որ պիտի գումարուի Նոյեմբեր 18-19-ին՝ Շենժենի մէջ։
Ինչպէս աւելի վաղ հաղորդած էր The Wall Street Journal-ը, Վլատիմիր Փութին նման հանդիպում կազմակերպելու գաղափարը առաջարկած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին։
Ռուսիոյ նախագահը մտադիր է օգտագործել այս ձեւաչափը՝ քննարկելու Ուքրանիոյ դէմ պատերազմը աւարտելու պայմանները՝ առանց ԵՄ-ի կամ Քիեւի ներկայացուցիչներու մասնակցութեան։