image

Ըստ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ը այլեւս «հետաքրքրական» չէ

Ըստ Փաշինեանի ՀԱՊԿ-ը այլեւս «հետաքրքրական» չէ

Այս պահին չունինք այլընտրանք, որպէսզի ԵԱՏՄ-էն (Եւրասիական տնտեսական միութիւն) դուրս ելլենք. ՀԱՊԿ-ի (Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութիւն) հետ կապուած մեր հետաքրքրութիւնները սպառած են, ճեպազրոյցի ժամանակ ըսած է Փաշինեան:

«Սկսել ենք նախապատրաստութիւն, ինչպէս ժողովրդին ենք խոստացել, այլընտրանքի ձեւաւորման, որպէսզի ժողովուրդը որոշում կայացնելու հնարաւորութիւն ունենայ: Պրոցեսը (գործընթաց) տանում է նրան, որ 2027-28թթ պաշտօնապէս դիմենք ԵՄ-ին անդամակցելու գործընթաց սկսելու համար»,- ըսած է Փաշինեան: 

Իսկ ՀԱՊԿ-էն դուրս ելլելու մասին հարցին ի պատասխան Փաշինեան նշած է՝ կ'ուզեմ մէկընդմիշտ արձանագրենք՝ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած մեր հետաքրքրութիւնները սպառած են

Յիշեցնենք, որ Ազգային ժողովին մէջ 2027 թուականի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկումներուն ժամանակ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարած էր, որ հեռանկարին մէջ Հայաստանի անդամակցութիւնն է Եւրոպական Միութեան: