image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարարը կը մասնակցի COP17-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովին

Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարարը կը մասնակցի COP17-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովին

Թուրքիոյ գիւղատնտեսութեան եւ անտառային տնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլը կը մասնակցի COP17-ի առաջնորդներու գագաթնաժողովին եւ լիագումար նիստին ընթացքին հանդէս պիտի գայ ազգային ելոյթով։ Այս մասին լրագրողներու հետ ճեպազրոյցի ընթացքին յայտնած է ՀՀ արտաքին գործոց եւ միջազգային առեւտուրի փոխնախարար Ռոպերթ Աբիսողոմոնեան։

Անոր խօսքով՝ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս նախատեսուած են լիագումար նիստեր եւ երկու կլոր սեղան-քննարկումներ՝ պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներու, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ։ Կլոր սեղան-քննարկումները պիտի նուիրուին կենսաբազմազանութեան վերաբերեալ քաղաքական ուղերձներուն եւ ֆինանսական հարցերուն, իսկ լիագումար նիստերու ընթացքին մասնակիցները հանդէս պիտի գան ազգային յայտարարութիւններով։

«Յոյս ունենք, որ առաջնորդների գագաթնաժողովը կը նպաստի հետագայ քննարկումներին եւ ոլորտում առկայ խնդիրների հասցէագրմանը», ըսած է Աբիսողոմոնեան։

Ան նշած է, որ գագաթնաժողովի աւարտին նախատեսուած է ընդունիլ նախագահութեան յայտարարութիւն՝ «Գործելով յանուն բնութեան» կարգախօսով։

Աբիսողոմոնեան յայտնած է, որ վերջին ամիսներուն COP17-ի հայկական նախագահութիւնը աշխատանք տարած է Երեւանեան յայտարարութեան շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու ուղղութեամբ։

«Կարծում ենք՝ ներառական փաստաթուղթ է ստացուել, որում փորձել ենք հաշուի առնել բոլոր շահագրգիռ կողմերի արձագանգները։ Յոյս ունենք, որ այս քննարկումները կը նպաստեն հետագայ աշխատանքների առաւել արդիւնաւէտ իրականացմանը», ըսած է ան։

Փոխնախարարին համաձայն՝ եզրափակիչ փաստաթուղթը նախատեսուած է որպէս առաջնորդներու ուղերձ՝ COP-ի շրջածիրէն ներս յառաջիկայ քննարկումներուն համար։

Փոխնախարարը նաեւ ըսած է, որ COP17-ի շրջածիրէն ներս նախատեսուած է քննարկել աւելի քան 30 փաստաթուղթ։ Անոնց ընդունման պարագային՝ անոնցմով սահմանուած պարտաւորութիւնները պարտադիր պիտի ըլլան Կենսաբազմազանութեան մասին համաձայնագիրի անդամ երկիրներուն համար։

Անդրադառնալով ՀՀ վարչապետին հանդիպումներուն՝ Աբիսողոմոնեան նշած է, որ նախատեսուած են հանդիպումներ տարբեր երկիրներու առաջնորդներուն եւ այլ հիւրերուն հետ։