image

Էրտողան Պաքու պիտի այցելէ

Էրտողան Պաքու պիտի այցելէ

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան մտադիր է 8 նոյեմբերին այցելել Ատրպէյճան եւ մասնակցիլ «Յաղթանակի օրուան» (չակերտները՝ խմբագրութեան) առթիւ կազմակերպուած միջոցառումներուն։ Այս մասին ան յայտարարած է նախագահական օդանաւին մէջ լրագրողներուն՝ պատասխանելով ատրպեճանական-թրքական յարաբերութիւններու վիճակի եւ վերջին շրջանին Պաքուի ու Անքարայի միջեւ ծագած ճգնաժամի մասին մեկնաբանութիւններուն, յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

«8 նոյեմբերին Ատրպէյճանի մէջ կը նշուի Յաղթանակի օրը։ Ես նոյնպէս, եթէ արտակարգ հանգամանքներ չըլլան, ծրագրած եմ այդ օրը այցելել Ատրպէյճան։ Յոյս ունիմ, որ այս այցը մեզի թոյլ կու տայ ձեռնարկելու անհրաժեշտ քայլեր»,- ըսած է Էրտողան։

Էրտողան յայտնած է, որ արդէն հեռախօսազրոյց ունեցած է Իլհամ Ալիեւի հետ, ինչպէս նաեւ Պաքու ուղարկած է Թուրքիոյ հետախուզական ծառայութեան ղեկավարը եւ արտաքին գործոց նախարարը։

«Ես միշտ կ'ըսեմ, թէ Ատրպէյճանի հետ մեր յարաբերութիւնները դուրս կ'ելլեն դասական դիւանագիտական շփումներու սահմաններէն։ Երկու երկիրներու անքակտելի կապը մեր ընդհանուր պատմութեան, մշակոյթի, ճակատագիրի եւ, Աստուած տայ, ընդհանուր ապագայի պտուղն է։ Աստծոյ օգնութեամբ չկայ որեւէ խոչընդոտ, որ կրնայ յաղթահարել Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի եղբայրութիւնը»,- ընդգծած է Էրտողան։

Յիշեցնենք, որ Ալիեւ աւելի վաղ չէ մասնակցած Թուրքիա կայացած Թիւրքական պետութիւններու կազմակերպութեան գագաթնաժողովին, քանի որ վերջին շրջանին Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մէջ կը նկատուի լարուածութիւն՝ Ատրպէյճանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ գլխաշոր (հիճապ) կրելու հետ կապուած բողոքի ցոյցերուն ժամանակ թրքական կողմի արձագանքի ֆոնին: