Միացեալ Թագաւորութիւնը հայկական ծագում ունեցող ապրանքներու նկատմամբ ինքնավար առեւտրային միջոցներ սահմանած է։
Այս մասին դիմատետրի իր էջին գրած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի խօսնակ Անի Բադալեան։
Որոշումը համահունչ է Հայաստան-Միացեալ Թագաւորութիւն ռազմավարական գործընկերութեան եւ նպատակ ունի նպաստելու հայկական արտադրանքի արտահանման կարելիութիւններու ընդլայնման ու երկկողմ տնտեսական գործակցութեան խորացման։
Զէրոյական մաքսատուրքով Միացեալ Թագաւորութիւն կարելի է արտահանել թարմ պտուղներ, չոր պտուղներ, չամիչ, կանաչեղէն, համեմունքներ եւ խմիչքներ, մասնաւորաբար՝ գարեջուր, քոնեակ եւ պրենտի։
