«Հայաստանի դժուար օրերին մեր բնութիւնն է մեզ փրկել, եւ մենք նրան չարաշահելու դժբախտութիւն ենք ունեցել»,- Երեւանի մէջ ընթացքող Կենսաբազմազանութեան COP17 համաժողովի շրջածիրէն ներս կայացած «Առաջնորդները յանուն բնութեան» գագաթաժողովին յայտարարած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը՝ ներկայացնելով 1990-ականներու ճգնաժամային տարիներուն բնական միջոցներու գերօգտագործման պատմութիւնն ու բնապահպանական ընթացիկ քաղաքականութիւնը:
«1990-ականներին, երբ Հայաստանի Հանրապետութիւնը անկախութիւն ստացաւ, Խորհրդային Միութեան տնտեսական համակարգի փլուզման եւ հակամարտութեան հետեւանքով Հայաստանում էներգետիկ եւ սոցիալ-տնտեսական ճգնաժամ սկսուեց. երկիրը յայտնուեց շրջափակման մէջ»,- նշած է Նիկոլ Փաշինեանը՝ աւելցնելով, որ այդ պայմաններուն մէջ սկսած անտառահատումներն ու Սեւանայ լիճի ձկնային պաշարներու սպառումն օգնեցին բնակչութեան յաղթահարելու ճգնաժամը, սակայն ծանր հարուած հասցուցին կենսաբազմազանութեան:
Վարչապետը անդրադարձած է 2018-ի յեղափոխութենէն ետք ապօրինի անտառահատումներուն դէմ սկսած պայքարին՝ ընդգծելով, որ նախապէս անտառահատումով զբաղող անձերը ժամանակի ընթացքին անցած են զբօսաշրջային գործունէութեան եւ համոզուած, որ բնութիւնը կրնայ բարեկեցութեան աղբիւր դառնալ։
«Այն նոյն մեքենաները, որով ընդամէնը ամիսներ առաջ նրանք անտառում հատած փայտն էին տեղափոխում դէպի շուկաներ, սկսեցին յարմարեցնել եւ զբօսաշրջիկներ տեղափոխել դէպի անտառներ, դէպի վայրի բնութիւն, եւ զարմանքով արձանագրեցին, որ այդպէս իրօք աւելի շատ ու աւելի հեշտ են վաստակում»,-ըսած է վարչապետը:
Խօսելով Սեւանայ լիճի պահպանութեան մասին՝ Փաշինեան յայտնած է, որ ձկնորսութեան խստացուած կանոնակարգերու եւ ջրային ոստիկանութեան ծառայութեան ներդրման շնորհիւ սիգ ձուկի ընդհանուր պաշարը 2010-ականներու կէսերուն համեմատ աճած է աւելի քան տասնապատիկ եւ 2026-ի Յուլիսի դրութեամբ հասած է աւելի քան 4,500 թոննայի։
«Սիրելի՛ քաղաքացիներ, ում համար ենք մենք Սեւանի ձկնային պաշարները պահպանելուն եւ զարգացնելուն ուղղուած այս խիստ միջոցները ձեռնարկում, ում համար ենք մենք դա անում, ես ինձ համար եմ դա անում, կամ իմ շրջապատի համար եմ անում, եւ քաղաքացիները գիտեն, որ կառավարութիւնը դա ոչ թէ իր համար է անում, ոչ էլ մեր ազգականների, դա անում ենք այդ նոյն ձկնորսութեամբ զբաղող մարդկանց համար եւ նրանց սերունդների, որ նրանք եկամտի կայուն եւ երկարաժամկէտ աղբիւր ունենան»,- նշած է ան։
Փաշինեան ներկայացուցած է նաեւ կենդանական աշխարհի վերականգնման դրական միտումները՝ նշելով, որ Հայաստանի մէջ կը գնահատուի կովկասեան ընձառիւծի 6-7 առանձնեակի առկայութիւնը, իսկ 2024-ին արձանագրուած է նաեւ երկու ձագերու ծնունդը։ Միւս կողմէ, կովկասեան ազնուացեղ եղջերուի վերաբնակեցման ծրագիրին շրջածիրէն ներս բնութիւն արձակուած է 22 կենդանի, որոնք արդէն յաջողութեամբ կը բազմանան։
«Կովկասեան ընձառիւծի առկայութիւնը լիարժէք էկոհամակարգի կարեւոր ցուցիչ է, իսկ ձագի ծնունդը դրա կայունութեան մասին է վկայում»,– ընդգծած է Փաշինեան։
Վարչապետը աւելցուցած է, որ հակառակ արձանագրուած յաջողութիւններուն՝ Հայաստանի մէջ տակաւին կը շարունակուին անտառահատումներն ու ապօրինի որսը։ Այս երեւոյթներուն դէմ պայքարելու նպատակով հիմնուած է բնապահպանական պահակային ծառայութիւնը, որ արդէն կը գործէ տասը մարզերէ չորսի մէջ։
«Մեր անտառները վերականգնելու շատ մեծ յատկութիւն ունեն, զուգահեռ մենք իրականացնում ենք եւ պիտի շարունակենք իրականացնել անտառվերականգնման ծրագրեր, բայց պէտք է նաեւ հասկանանք, որ առանց անտառների պահպանութեան եւ մարդկանց շրջանում էկովարքագծի սերմանման շատ դժուար կը լինի լուրջ արդիւնքների հասնելը»,-ըսած է Նիկոլ Փաշինեանը: