image
Հրատապ լուրեր:

Էլինա Ադիլխանեան. Կամ 8-ամեայ յաղթանակած հայ գեղեցկուհին

Էլինա Ադիլխանեան. Կամ 8-ամեայ յաղթանակած հայ գեղեցկուհին

Little Miss Yerevan 2020-ի տիտղոսակիր՝ 8-ամեայ Էլինա Ադիլխանեանն օրերս Երեւան վերադարձած է միջազգային մրցանակներով: Փոքրիկ մոտելը Հայաստանը ներկայացուցած է Մոկուայի մէջ կայացած World Beauty մրցոյթին, ուր ան 2 յաղթանակ գրանցած է, ճանչցուելով ե՛ւ Mini Miss Universe, ե՛ւ Grand Prix Best Model Universe:

«Էլինան տուեալ մրցոյթում մասնակցելու հրաւէրը ստացել է Miss Yerevan Production-ի կողմից՝ Little Miss Yerevan մրցոյթում իր տարիքային խմբում տարած յաղթանակից յետոյ: World Beauty մրցոյթը նուիրուած էր անուանի ձեւաորող Վիաչեսլաւ Զայցեւի նորաձեւութեան տան 39-ամեակին»,-NEWS.am STYLE-ի հետ զրոյցի ժամանակ նշած է Էլինայի մայրիկը՝ Գոհար Չքոլեանը՝ աւելցնելով, որ դուստրը մրցոյթէն վերադարձած է շատ բարձր տրամադրութեամբ:

Գեղեցկութեան մրցոյթներուն եւ մանկական պրենտներու ցուցադրութիւններուն Էլինան սկսած է մասնակցիլ 5 տարեկանէն: Նկարահանուած է տեսահոլովակներու եւ գովազդներու մէջ: Հիմա ան չորրորդ դասարանի աշակերտուհի է: Խօսելով իր երազանքի մասին՝ փոքրիկ գեղեցկուհին նշած է, որ կ'ուզէ դառնալ երգչուհի: