image
Հրատապ լուրեր:

«Որպէս յաղթանակած երկիր մենք խաղաղութեան ձեռք մեկնեցինք պարտուած Հայաստանին». Ալիեւ

«Որպէս յաղթանակած երկիր մենք խաղաղութեան ձեռք մեկնեցինք պարտուած Հայաստանին». Ալիեւ

Ուաշինկթընեան փաստաթուղթը բեկումնային դարձած է տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան գործընթացի համար։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահը ամանորեայ ուղերձին մէջ։

«Փաստաթուղթը, որ Ուաշինկթընի մէջ նախաստորագրուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի մասնակցութեամբ, կը դիտարկուի որպէս կարեւոր քաղաքական ազդանշան տարածաշրջանի՝ դիմակայութեան փուլէն երկխօսութեան եւ համագործակցութեան անցնելու համար։

Ատրպէյճանի առաջարկած խաղաղութեան օրակարգը նոր հնարաւորութիւններ կը ստեղծէ տարածաշրջանային հաղորդակցութեան միջոցներու բացման, տնտեսական համարկման եւ փոխշահաւէտ համագործակցութեան համար: Որպէս արդիւնք՝ Ատրպէյճանը հանդէս կու գայ ոչ միայն որպէս հակամարտութեան աւարտի առանցքային մասնակից, այլեւ որպէս երկարաժամկէտ կայունութեան մոտելի ձեւաւորման հիմնական դերակատարներէն մէկը:

Հայ-ատրպէյճանական հակամարտութիւնը լուծելու լիազօրութիւն ունեցող Մինսքի խումբը մոռացութեան մատնուած է։ Այսպիսով, ղարաբաղեան հակամարտութիւնն ամբողջութեամբ հանուած է միջազգային օրակարգէն։ Որպէս յաղթանակած երկիր՝ մենք խաղաղութեան ձեռք մեկնեցինք պարտուած Հայաստանին, որ նաեւ մեր հեռատես քաղաքականութեան դրսեւորումն է։ Հայրենական պատերազմէն ընդամէնը հինգ տարի անց Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը կրկին ցոյց կու տայ մեր ժողովուրդի մեծութիւնը եւ մեր քաղաքականութեան իմաստութիւնը»։