Ատրպէյճան պատրաստ է 2028 թուականին ստանձնելու Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան նախագահութիւնը։ Այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ Թուրքմենիստանի մէջ Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին ունեցած իր ելոյթին մէջ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։
«Ատրպէյճան նաեւ պատրաստ է 2028 թուականին ստանձնելու Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան նախագահութիւնը եւ նոյն տարուան աշնան կազմակերպելու Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը», ընդգծած է երկրի նախագահը։
Ալիեւ նաեւ երախտագիտութիւն յայտնած է 2027 թուականին Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան մէջ Ատրպէյճանի համանախագահութեան վերաբերեալ որոշման աջակցելու համար։
«Մենք այս որոշումը կը գնահատենք իբրեւ մեր երկրին նկատմամբ բարձր վստահութեան վկայութիւն եւ պատրաստ ենք աշխուժօրէն մասնակցելու համատեղ խնդիրներու լուծման», նշած է ան։