Իրանը տակաւին պատրաստ չէ ընդունելու այնպիսի պայմաններ, որոնք ընդունելի պիտի ըլլան Ուաշինկթընի համար, յայտարարած է Տանըլտ Թրամփ։
«Անոնք կ՚ուզեն գործարք կնքել, բայց չեն ուզեր կնքել այնպիսի համաձայնագիր, որ ինծի համար ընդունելի պիտի ըլլայ։ Մենք կ՚ուզենք իրական համաձայնութիւն մը կնքել, ոչ թէ կեղծ։ Անոնք արդէն 51 տարիէ ի վեր մարդիկը կը խաբեն», նշած է ան։