image
Հրատապ լուրեր:

Արփի Թապաքեան՝ AUST-ի Տնօրէնի պատուոյ յիշատակութեան արժանացած

Արփի Թապաքեան՝ AUST-ի Տնօրէնի պատուոյ յիշատակութեան  արժանացած

Մեսրոպեանի նախկին աշակերտուհի եւ շրջանաւարտ Արփի Թապաքեան արժանացած է AUST համալսարանի Տնօրէնի պատուոյ յիշատակութեան՝ իր ուսման մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն համար։

Մեսրոպեանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստին ուղղուած նամակի մը մէջ, Արփի Թապաքեան իր արձանագրած յաջողութիւնները վերագրած է նաեւ Մեսրոպեանի մէջ ստացած դաստիարակութեան, առաջնորդութեան եւ աջակցութեան՝ նշելով, որ անոնք կարեւոր դեր ունեցած են իր կազմաւորման մէջ։

Արփի Թապաքեան իր անձնական էջին վրայ կատարած գրառման մէջ իր յաջողութիւնը նուիրած է իր վաղամեռիկ մօր յիշատակին։ Ան ընդգծած է, որ ուսման ընթացքին իր բոլոր ջանքերը պայմանաւորուած էին նաեւ մօր հպարտութիւնը ապահովելու ցանկութեամբ։

Արփի Թապաքեան նաեւ նշած է, որ պիտի շարունակէ աշխատիլ եւ հետապնդել իր երազանքները՝ խոստանալով դառնալ լաւագոյն բուժքոյրը, որուն կրնայ հասնիլ։