Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հերքած է այն տեղեկութիւնը, թէ Ռուսիա մերժած է համաձայնութիւն տալ Սամուէլ Մկրտչեանի՝ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին նշանակման։
Այս մասին ՌԲԿ-ին յայտնած են Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութենէն։
«Ռուսիոյ կողմէ Սամուէլ Մկրտչեանի՝ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի դեսպանի պաշտօնին նշանակման թեկնածութիւնը չհամաձայնեցնելու մասին տեղեկութիւնը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Տուեալ հրապարակումը իրականութեան չի համապատասխաներ»,– յայտարարած են գերատեսչութենէն։
Աւելի վաղ, «Հրապարակ» թերթը, յղում կատարելով իր աղբիւրին, գրած էր, որ Մոսկուա մերժած է համաձայնութիւն տալ Լեհաստանի մէջ Հայաստանի նախկին դեսպանին թեկնածութեան։
Պարբերականը ենթադրած էր, որ այս քայլը կրնար կապուած ըլլալ Մկրտչեանի՝ եւրոպական երկիրներու մէջ երկարամեայ դիւանագիտական գործունէութեան հետ։