Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը կը շարունակէ հպարտութեամբ արձանագրել իր շրջանաւարտներուն յաջողութիւնները։ Վարժարանի նախկին աշակերտուհի Սէրլի Մերտխանեան արժանացած է Հայկազեան համալսարանի Տնօրէնի Պատուոյ Ցանկին՝ 2025-2026 ուսումնական տարուան գարնան կիսամեակին՝ իր ուսման բարձր արդիւնքներուն համար։
Ստորեւ Մեսրոպեանի կողմէ այս մասին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը՝
Մեսրոպեան Արուեստիցի Շրջանաւարտը՝ Հայկազեան համալսարանի Պատուոյ Ցանկին մէջ
Mesrobian Higher Technical School Graduate Named to Haigazian University’s Dean’s Honor List Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը տեղեկացնէ, որ մեր նախկին աշակերտուհիներէն՝ շրջանաւարտ Սէրլի Մերտխանեան արժանացած է Հայկազեան Համալսարանի Տնօրէնի Պատուոյ Յիշատակութեան (Dean’s Honors’ List)՝ 2025-2026 ուսումնական տարուան գարնան կիսամեակին։ Սէրլի ուսանող է Հոգեբանութիւն (Psychology-BA) ճիւղին մէջ։
Հայկազեանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Նատիմ Հասսուն, այս առիթով Բարձրագոյն արուեստից վարժարանի տնօրէն պրն. Կրէկուար Գալուստին յղած իր նամակին մէջ բարձրօրէն գնահատեց Արուեստիցը՝ ակադեմական մակարդակ ապահովելու համար եւ մաղթեց յաջողութիւն՝ ապագայ սերունդներու պատրաստութեան աշխատանքին մէջ։
Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը իր կարգին ջերմօրէն կը շնորհաւորէ Սէրլի Մերտխանեանը՝ այս գեղեցիկ յաջողութեան առիթով եւ կը մաղթէ անոր նորանոր ձեռքբերումներ՝ ուսման եւ ապագայ մասնագիտական կեանքին մէջ։