image

Արմենակ Եղիայեանին վերջին հրաժեշտ՝ Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ

Արմենակ Եղիայեանին վերջին հրաժեշտ՝  Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ

Երեկ Լիբանանի իր բնակարանին մէջ յանկարծամահ եղած է սփիւռքահայ ականաւոր մտաւորական, լեզուագէտ, հրապարակախօս տոքթ․ Արմենակ Եղիայեան։ Եղիայեան ընտանիքը հրապարակած է մահազդը․

 

Տիկին Հուրի Եղիայեան

Տէր եւ տիկին տոքթ. Իշխան եւ Փաուլա Եղիայեան եւ զաւակները՝ Արմէն եւ Կարին

Տիար Ասպետ Եղիայեան

Տէր եւ տիկին Սեպուհ եւ Ռիթա Եղիայեան եւ զաւակները՝ Տարօն եւ Ալիք

Օրիորդ Հեղնար Եղիայեան

եւ համայն Տիքիճեան, Այնեճեան, Մահտեսեան, Թաշճեան, Չատըրեան, Նիկաարտ, Առաքելեան, Սարգիսեան, Զեքիեան, Պերպերեան, Գէորգեան եւ Շահպազեան ընտանիքները

կը գուժեն իրենց շատ սիրելի ամուսնոյն, հօր, մօրեղբօր եւ հարազատին՝

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ

մահը, որ պատահեցաւ չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2025-ին։

Յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի կիրակի, 16 նոյեմբեր 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի ազգային գերեզմանատուն:

Ցաւակցութիւնները կ՚ընդունուին Մզհերի Աղբալեան-ՀՄԸՄ մարզամշակութային համալիրի «Արա եւ Հուրի Պապիկեան» սրահին մէջ, կիրակի, 16 նոյեմբեր 2025-ին ժամը 16:00—19:00 եւ երկուշաբթի, 17 նոյեմբեր 2025-ին ժամը 11:00—19:00։

Փոխան ծաղկեպսակի կը խնդրուի նուիրատութիւնները կատարել Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի սաներու ֆոնտին։

 

ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆԻ

Արմենակ Եղիայեան ծնած է 1939-ին Պուրճ Համուտ, Լիբանան, հայ գաղթական ծնողներէ: Յաճախած է տեղւոյն Աբգարեան ազգային վարժարանը, ապա Համազգայինի ճեմարանը, որ աւարտած է 1958-ին: Նոյն տարին նուիրուած է ուցուցչական ասպարէզին, որուն ծառայած է 7 տարի՝ ուսուցելով հայերէն, ֆրանսերէն, ուսողութիւն եւ այլն: Ուսուցչութեան կողքին հետեւած է Ֆրանսական Գրականութեան համալսարանի դասընթացքներուն՝ ստանալով Propédeutique եւ Certificat supérieur de littérature française վկայականները: Վերջին տարին կը հետեւի նաեւ լեզուաբանութեան դասընթացքներուն, սակայն քննութեան չներկայանար, որովհետեւ կը լքէ ուսուցչութիւնն ու գրականութիւնը եւ կը մտնէ Ֆրանսական բժշկական համալսարանի Ատամնաբուժական բաժանմունքը, որ կ'աւարտէ 1970-ին: Անկէ ի վեր անընդմէջ կը ծառայէ այդ ասպարէզին:

Ազատ ասպարէզի կողքին տոքթ. Արմենակ Եղիայեան մաս կազմած է Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան՝ 1983-1998, միաժամանակ Ազգային ուսումնական խորհուրդին՝ 1983-1994:

Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան կամաւոր հայերէն դասաւանդած է՝ 1991-94:

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան երկար տարիներ մաս կազմած է «Գէորգ Մելիտինեցի գրական մրցանակ»-ի դատակազմին եւ «Արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան յանձնաժողով»-ին՝ Կիլիկեան աթոռի ծիրէն ներս: Այս վերջինի պատուէրով ալ պատրաստած է «Արեւմտահայերէնի ուղղագրական, ուղղախօսական, ոճաբանական ուղեցոյցը»՝ 760 էջ ծաւալով, որ տակաւին անտիպ է, սակայն Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքի աջակցությամբ հասանելի է «Նայիրի» հարթակին վրայ։  

Լիազօրուելով Ազգային ուսումնական խորհուրդէն եւ Համազգայինի կեդրոնական վարչութենէն՝ 1991-95-ին, Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան բոլորովին կամաւոր՝ պատրաստած է նախակրթարաններու հայոց լեզուի «Ծիածան» դասագիրքերու շարքը՝ 5 հատոր ընթերցարան, 5 հատոր քերականութիւն, 10 հատոր ուղեցոյց: Ասոնք այնուհետեւ 20 տարի անընդմէջ կիրարկուեցան Լիբանանի գրեթէ բոլոր նախակրթարաններուն մէջ, նաեւ՝ Յունաստան, Մարսէյ, Քանատա, Նիու Ճըրսի՝ Յովնանեան վարժարան, Աւստրալիա, Քուէյթ, Իրաք, Եգիպտոս եւ այլն: Ներկայիս անոնք կ’ուսուցուին միայն Նիու Ճըրսիի եւ տեղւոյս Հայ աւետարանական կեդրոնական վարժարանին մէջ՝ այլուր փոխարինուած ըլլալով նոր շարքով մը:

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան հեղինակած է «Մեսրոպեան տառերու ակունքները» աշխատութիւնը, որ հրատարակուեցաւ 2005-ին Կիլիկեան աթոռին կողմէ՝ Կիւլպենկեան ֆոնտի մատենաշարով, յատուկ պատուէրով արեւմտահայերէնի թարգմանած է Խաչատուր Աբովեանի «Վէրք Հայաստանի»-ն, որ հրատարակուեցաւ Համազգայինի հրատարակչականին կողմէ 2500 տպաքանակով եւ վերահրատարակուեցաւ 2017-ին՝ 3500 օրինակով:

Հարիւրաւոր յօդուածներով՝ ընդհանրապէս լեզուական-ուղղախօսական բնոյթի, աշխատակցած է սփիւռքահայ մամուլին։