Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, որ 28 տարիներէ ի վեր կը հանդիսանայ հայ հաւատքի, ազգային ինքնութեան եւ համայնքային կեանքի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, տօնական մթնոլորտի մէջ նշեց իր անուանակոչութեան տարեդարձը։ Հանդիսութեան ընթացքին մատուցուած Ս. Պատարագով եւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր պատգամով անգամ մը եւս ընդգծուեցաւ եկեղեցւոյ դերը՝ իբրեւ հաւատքի պահպանման, հայեցի դաստիարակութեան եւ համայնքային միասնութեան տուն։
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն
Կիրակի 8 Նոյեմբեր 2026-ին, Հանդիսապետութեամբ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ․ Տէր Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, նշուեցաւ Շարժայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ համալիրի Անուանակոչութեան 28-րդ տարեդարձը:
Ս. եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Առաջնորդ Սրբազան հայրը ուր իր օրուայ պատգամին մէջ անդրադարձաւ եկեղեցւոյ տան հասկացողութեան, յայտնելով որ՝ «Եկեղեցին այն վայրն է որ մեր ժողովուրդին հաւատքին պահպանութեան համար դարձաւ տուն, ուր կրցաւ համախմբել մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անցնող 28 տարիներուն ընթացքին, Աստուծոյ աներեւոյթ ներկայութիւնը զգացնելու եւ նոյն ժամանակ քրիստոնէական ու հայեցի կրթութիւնը ջամբելու: Հետեւաբար բոլորս ալ տան հասկացողութեամբ ու բծախնդրութեամբ պէտք է մօտենանք 28 տարիներ առաջ այս տարածաշրջանին մէջ հիմնուած առաջին հայկական եկեղեցւոյ նկատմամբ, որ հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն մինչեւ օրս կը շարունակէ իր նուիրական առաքելութիւնը մատուցել մեր ժողովուրդի զաւակներուն»:
Քարոզի աւարտին Սրբազան հայրը յատուկ շնորհակալական ու գնահատական խօսք փոխանցեց ժողովուրդին, եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ քահանայ հօր, անցեալի եւ ներկայի բոլոր ժողովականներուն եւ եկեղեցւոյ բարերարներուն, որոնք հաւատարմօրէն իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութիւնը ու կամաւոր աշխատանքը ցուցաբերած են անցնող տարիներու ընթացքին:
Պատարագի աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւնը:


