image

Արցախի մէջ. Հին Շէն գիւղի բնակիչներ առողջական դժուարութիւններու առջեւ

Արցախի մէջ. Հին Շէն գիւղի բնակիչներ առողջական դժուարութիւններու առջեւ

Շուշիի շրջանի կրկնակի շրջափակման մէջ յայտնուած Հին Շէն համայնքին մէջ նոյնիսկ ծանր հիւանդութիւն ունեցող բնակիչները զրկուած են բուժհաստատութիւններ տեղափոխուելու եւ համապատասխան բուժօգնութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։ 

Այս մասին Արցախփրէսի հետ զրոյցին նշած է Հին Շէն համայնքի ղեկավար Սամուէլ Սարգսեանը:

«Մինչեւ երկկողմանի շրջափակումը, պետնախարարի հետ համաձայնեցնելով, պէտք է ծանր հիւանդութիւն ունեցող անձանց ռուս խաղաղապահների ուղեկցութեամբ տեղափոխէինք համապատասխան բուժհաստատութիւններ, ինչը, սակայն, վերջին դէպքերի պատճառով  անհնար է դարձել»,- մանրամասնած է համայնքապետը:

Անոր խօսքով՝ այժմ գիւղին մէջ առկայ է առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայք որոշակի չափաքանակով, որ կարողացած էին ձեռք բերել  մինչեւ կրկնակի  շրջափակումը:

«Այս պահի դրութեամբ  համայնքում առկայ են նաեւ ալիւր, շաքարաւազ, բանջարեղէն: Շուտով Կարմիր Խաչի օգնութեամբ նորից պարենամթերք կը բերուի։ Արդէն հասունացել են մրգերի որոշ տեսակներ: Մէկ ամիսը կ'օգտագործենք նաեւ մեր մշակած բանջարեղէնը»,-ըսած է զրուցակիցը՝ աւելցնելով, որ այս տարի աւելցուցած են շարք մը մշակաբոյսերու՝ այդ շարքին գետնախնձորի ու կանաչեղէնի ցանքը: Պարենային պաշարը ինչ-որ  չափով ալ կը կարողանան համալրել անասնապահութենէն ստացած մթերքով:

Համայնքապետը մտահոգիչ համարած է նաեւ հինշէնցի ուսանողուհիի հետ կապուած խնդիրը, որ շրջափակման պատճառով  չէ կրցած գիւղէն վերադառնալ մայրաքաղաք՝ մասնակցելու գոնէ քննաշրջանին: