image
Հրատապ լուրեր:

Վարչապետը ներկայաուցած է Աջափնեակի մէջ բնակիչներու համաձայնութեամբ նոր թաղամաս կառուցելու գաղափարը

Վարչապետը ներկայաուցած է Աջափնեակի մէջ բնակիչներու համաձայնութեամբ նոր թաղամաս կառուցելու գաղափարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Աջափնեակ վարչական շրջանին մէջ քաղաքացիներու հետ զրոյցի ընթացքին ներկայացուցած է ներդրումային ծրագիրով եւ բնակիչներու համաձայնութեամբ նոր թաղամաս կառուցելու գաղափարը։

Վարչապետը Հոկտեմբեր 24-ին Երեւանի մէջ շրջապտոյտի ընթացքին նշած է, որ հնարաւոր տարբերակներէն մէկը ներդրողներուն եւ բնակիչներուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու վարումն է։

«Մեծ ինվեստիցիոն (ներդրումային) ծրագիր է պէտք անել, որ գան մարդիկ, ընդ որում՝ պետութիւնը չխառնուի, գան ձեզ հետ բանակցեն։ Կամ ձեզնից ձեր տները առնեն, կամ էլ պարտաւորուեն նորակառոյց շէնքում տուն տան»,– ըսած է Փաշինեան։

Անոր ներկայացուցած տարբերակին համաձայն՝ շինարարութեան ընթացքին պէտք է ապահովուի նաեւ բնակիչներուն ժամանակաւոր բնակութիւնը։

Վարչապետը շեշտած է բնակիչներուն համաձայնութեան անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ այդ պարագային կարելի պիտի ըլլայ տարածքին մէջ բոլորովին նոր մօտեցումով թաղամաս մը կառուցել։