Շուշիի շրջանի կրկնակի շրջափակման մէջ յայտնուած Հին Շէն համայնքին մէջ նոյնիսկ ծանր հիւանդութիւն ունեցող բնակիչները զրկուած են բուժհաստատութիւններ տեղափոխուելու եւ համապատասխան բուժօգնութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։
Այս մասին Արցախփրէսի հետ զրոյցին նշած է Հին Շէն համայնքի ղեկավար Սամուէլ Սարգսեանը:
«Մինչեւ երկկողմանի շրջափակումը, պետնախարարի հետ համաձայնեցնելով, պէտք է ծանր հիւանդութիւն ունեցող անձանց ռուս խաղաղապահների ուղեկցութեամբ տեղափոխէինք համապատասխան բուժհաստատութիւններ, ինչը, սակայն, վերջին դէպքերի պատճառով անհնար է դարձել»,- մանրամասնած է համայնքապետը:
Անոր խօսքով՝ այժմ գիւղին մէջ առկայ է առաջին անհրաժեշտութեան դեղորայք որոշակի չափաքանակով, որ կարողացած էին ձեռք բերել մինչեւ կրկնակի շրջափակումը:
«Այս պահի դրութեամբ համայնքում առկայ են նաեւ ալիւր, շաքարաւազ, բանջարեղէն: Շուտով Կարմիր Խաչի օգնութեամբ նորից պարենամթերք կը բերուի։ Արդէն հասունացել են մրգերի որոշ տեսակներ: Մէկ ամիսը կ'օգտագործենք նաեւ մեր մշակած բանջարեղէնը»,-ըսած է զրուցակիցը՝ աւելցնելով, որ այս տարի աւելցուցած են շարք մը մշակաբոյսերու՝ այդ շարքին գետնախնձորի ու կանաչեղէնի ցանքը: Պարենային պաշարը ինչ-որ չափով ալ կը կարողանան համալրել անասնապահութենէն ստացած մթերքով:
Համայնքապետը մտահոգիչ համարած է նաեւ հինշէնցի ուսանողուհիի հետ կապուած խնդիրը, որ շրջափակման պատճառով չէ կրցած գիւղէն վերադառնալ մայրաքաղաք՝ մասնակցելու գոնէ քննաշրջանին: