image

Մոսկուան եւ Քիեւը պայմանաւորուած են հրադադարի շուրջ՝ խաղաղ բնակիչները տարհանելու համար

Մոսկուան եւ Քիեւը պայմանաւորուած են հրադադարի շուրջ՝ խաղաղ բնակիչները տարհանելու համար

Ռուսական զինուած ուժերը Հոկտեմբեր 27-ին՝ Մոսկուայի ժամանակով ժամը 04:00-էն սկսեալ, Խերսոնի ուղղութեամբ հրադադարի դրութիւն պիտի հաստատեն՝ Ալյոշկիի շրջանին մէջ մարդասիրական գործողութիւն իրականացնելու նպատակով։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ Վալերի Կերասիմով։

Անոր խօսքով՝ ռուսական զօրքերը պիտի իրականացնեն ճարտարագիտական հետախուզութիւն եւ պիտի ապահովեն մարդասիրական շարասիւնի անվտանգ տեղաշարժը՝ Ալյոշկի հասցնելու համար ընկերային նշանակութեան բեռներ։

Աւելի կանուխ, Սպիտակ տան մէջ յայտարարած էին, որ Ռուսիան եւ Ուքրանիան համաձայնած են հրադադարի՝ Ալյոշկի մարդասիրական օգնութիւն հասցնելու եւ խաղաղ բնակիչներու տարհանումը կազմակերպելու նպատակով։

Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հետագային հաստատած էր հրադադարի շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։ Անոր խօսքով՝ մարդասիրական գործողութիւնը իրականացնելու համար առնուազն քանի մը օր պիտի պահանջուի։

 

Փեսքով նաեւ նշած է, որ Ալյոշկիի մէջ հրադադարի շուրջ համաձայնութեան հասնելու գործընթացին մէջ համակարգողի դեր ունեցած է Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկին Մելանիա Թրամփ։