14 Յուլիսին տեղի ունեցած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի եւ Ատրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տրականա Քոժիչի հանդիպումը։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ատրպէյճանի եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի համագործակցութեան հարցեր, Լաչինի անցակէտին տիրող իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Ստեփանակերտի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի գործունէութիւնը, յայտնած է ԱՊԱ գործակալութիւնը։
Քննարկումներու ընթացքին Պայրամով յայտարարած է Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ՝ անհրաժեշտ կանոններու պահպանմամբ, սահմանային անցակէտով բժշկական նպատակներով արցախցիներու անցումը շարունակելու հնարաւորութեան մասին։
Ինչ կը վերաբերի անոնց կարիքները բաւարարելուն, ապա ատրպէյճանական կողմը չէ բացառած «Աղտամ-Խանքենտի» (Ակնա-Ստեփանակերտ) ճանապարհի օգտագործմամբ օգնութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւնը։