Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը «Մերիտիան» ցուցահանդէսներու եւ միջոցառումներու կեդրոնին մէջ մասնակցած է Համաշխարհային հայկական երրորդ գագաթնաժողովի առաջին աշխատանքային օրուան պաշտօնական մեկնարկին։
Վարչապետը ողջունած է գագաթնաժողովի մասնակիցները եւ ներկայացուցած Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է՝ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը պետութեան մասին է. «Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնն այն մասին է, որ պետութիւնն ամենակարեւոր բանն է, որ մենք՝ որպէս ժողովուրդ, կարող ենք ունենալ։ Չկայ պետութիւնից աւելի կարեւոր բան, եւ մեր բոլոր ջանքերը, գործողութիւնները, նպատակներն ու պատկերացումները կապուած են եւ կապուած պէտք է լինեն պետութեան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, նրա շահերի, յարատեւութեան տեսլականի հետ»։
Նիկոլ Փաշինեանը ներկայացուցած է պետութեան յարատեւութեան տեսլականը՝ պետութիւնը պէտք է զարգացնել եւ դարձնել իր քաղաքացիներու համար անվտանգութեան, բարեկեցութեան, ազատութեան գործիք, որ պէտք է փոխանցել սերունդէսերունդ։
Երկրի ղեկավարը, անդրադառնալով գաղափարախօսութեան վերաբերեալ քննադատութիւններուն, ընդգծած է. «Միշտ լսում ենք այդ քննադատութիւնները եւ փորձում ենք արձագանգել դրանց՝ այն համարելով նաեւ կարեւոր փորձութիւն հենց Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութեան համար։ Եթէ գաղափարախօսութիւնը պատրաստ է եւ կարող է պատասխանել հարցերին, նշանակում է այն կենսունակ է, իսկ եթէ կան հարցեր, որոնց չի կարող պատասխանել եւ առաջիկայում այդ հարցերը չեն ձեւաւորուի, չեն ձեւակերպուի՝ նշանակում է գաղափարախօսութեան կենսունակութեան հետ կապուած ինչ-որ խնդիր կայ»։
Ինչ կը վերաբերի այն քննադատութեան, որու համաձայն գաղափարախօսութեան նպատակն է նենգափոխել մեր ինքնութիւնը, Նիկոլ Փաշինեանը նշած է. «Մենք ոչ միայն համաձայն չենք այդ ձեւակերպման հետ, այլեւ ընդհակառակը՝ համոզուած ենք, որ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը հենց մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու, պահպանելու եւ զարգացնելու մասին է։ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը արձանագրում է՝ մեր պետութիւնը մեր ինքնութիւնն է եւ ընդհակառակը՝ մեր ինքնութիւնը մեր պետութիւնն է»։
Վարչապետի դիտարկմամբ՝ մենք պէտք է մեր պետութիւնը ընկալենք որպէս հայրենիք եւ հայրենիք համարենք մեր պետութիւնը։ Ըստ անոր՝ այս է լաւագոյն մոտելը, որ մեզ կ՚առաջնորդէ դէպի լաւագոյն պետութիւն։ Երկրի ղեկավարի խօսքով՝ Իրական Հայաստանի գաղափարախօսութիւնը կը յենի Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանաչցուած տարածքի վրայ, որը 29 743 քառակուսի քիլոմեթր է։
Ամփոփելով՝ Նիկոլ Փաշինեանն անդրադարձած է այն հարցին, թէ ինչ կրնայ առաջարկել Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքին. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սփիւռքին կարող է առաջարկել միայն մի բան՝ ինքն իրեն։ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ինքն իրեն է առաջարկում սփիւռքին՝ որպէս հայրենիք, որը պետութիւն է՝ իր բոլոր ատրիբուտներով։ Այդ հայրենիքը սփիւռքին առաջարկում է սէր, բայց նաեւ յարգանք, յարգանք, բայց նաեւ սէր։ Եւ այս է պատճառը, որ մենք ասում ենք՝ քաղաքացին պէտք է սիրի հայրենիքը, քաղաքացին պէտք է սիրի պետութիւնը, պետութիւնը պէտք է սիրի քաղաքացուն։
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը վերաձեւակերպում է սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները, եւ ես ուրախ եմ արձանագրել, որ մենք վերջին տարիներին ձեւաւորել ենք եւ ձեւաւորում ենք նոր ինստիտուտ՝ ունենք Սփիւռքի գործերի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակ։ Եւ ինչպէս գիտէք, նաեւ մենք արդէն համայնքներում ունենք տասնեակից աւելի Սփիւռքի գործերի յանձնակատարներ, որոնց մենք ընկալում ենք եւ որոնց գործառոյթն է Հայաստանի Հանրապետութեան անունից հանդէս գալ սփիւռքի հետ յարաբերութիւններում եւ սփիւռքի ուղերձները բերել Հայաստանի Հանրապետութիւն։ Եւ ես համոզուած եմ, որ սա այն համակարգն է, որը ճշգրտօրէն արտայայտում է հայրենիք-պետութիւն յարաբերութիւնները։ Բարի գալուստ Հայաստանի Հանրապետութիւն»։
Կառավարութեան ղեկավարը նաեւ պատասխանած է ներկաներու հարցերուն։
ՀՀ սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ նոյեմբեր 5-8-ը կայացող գագաթնաժողովին կը մասնակցի 800 ներկայացուցիչ, որմէ 600-ը՝ սփիւռքէն, իսկ 200-ը՝ Հայաստանէն։ Գագաթնաժողովը միտուած է Հայաստան–սփիւռք յարաբերութիւններու օրակարգային առանցքային հարցերու քննարկման, Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ բազմակողմ համագործակցութեան ընդլայնման, սփիւռքի ներուժի ներգրաւման Հայաստանի զարգացման գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՀՀ պետական առաջնահերթութիւններուն համահունչ փոխգործակցութեան նոր հնարաւորութիւններու ստեղծման։ Քառօրեայ գագաթնաժողովի օրակարգին մէջ ներառուած են փանելային, կլոր-սեղան եւ շրջանաձեւ քննարկումներ, Համաշխարհային հայկական ցուցահանդէս եւ բանախօսութիւններ՝ ժողովրդավարութեան, անվտանգութեան, կրթութեան, գիտութեան, արհեստական բանականութեան, ներդրումներուն, բարեգործութեան, մշակոյթին եւ շարք մը այլ ոլորտներուն առնչուող։