Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի մեծ ընտանիքը կը սգայ իր նախկին անդամուհիներէն Լենա Շամլեանի անակնկալ մահը։
Միութիւնը հրապարակած է մահագրական.
Մահագրական Լենա Շամլեանի
«Համազգային «Զուարթնոց» երգչախումբի մեծ ընտանիքը կը գուժէ երգչախումբի նախկին անդամուհիներէն ընկհ. Լենա Շամլեանի (ծնեալ՝ 1957) անակնկալ մահը։
Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք հանգուցեալի հարազատներուն։
Խունկ և աղօթք կը բարձրացնենք հանգուցեալի հոգիին խաղաղութեան համար։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի»։