Հայաստանի վերանկախացման տօնին համընկնող Արեւմտեան Ամերիկայի Համազգայինի տարեկան կալա-երեկոն այս տարի ստացաւ առանձնայատուկ նշանակութիւն՝ «Միասնաբար կերտենք մեր մշակոյթի տունը՝ յաջորդող սերունդներուն համար» նշանաբանով։ «Տաղլեան» մշակութային համալիրի շքեղ սրահին մէջ համախմբուած շուրջ 300 հիւրերու ներկայութեան, երեկոն ոչ միայն մշակութային ու ազգային համախմբումի առիթ դարձաւ, այլեւ վերածուեցաւ Համազգայինի նոր մշակութային տան ամրապնդման մեծ հանգանակութեան։
Երեկոյի ամենանշանակալից պահը եկաւ, երբ Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան յայտարարեց, թէ թէեւ ներկայ չէին, բայց տէր եւ տիկին Զօհրապ եւ Յասմիկ Թէճիրեանները եւ Յարութիւն ու Լենա Սողոմոնեանները, ի յիշատակ իրենց եղբօր՝ ազգային բարերար Հրայր Սողոմոնեանի, կը նուիրէին 500,000 տոլար։
Հայտարարութիւնը ընդունուեցաւ երկարատեւ ծափողջոյններով եւ խոր երախտագիտութեամբ։ Այս նուիրատուութիւնը նոր ուժ եւ նշանակութիւն տուաւ երեկոյի հիմնական նպատակին՝ «Համազգայինի Արիս Սթամպօլեան կեդրոնի» բարենորոգման եւ ներքին զարդարման աշխատանքներուն։
Մշակոյթի տունը՝ սերունդներուն համար
Կալան սկսաւ թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի Տէրունական աղօթքով եւ սեղաններու օրհնութեամբ։ Ցուցադրուեցաւ Համազգայինի գործունէութեան նուիրուած տեսանիւթ մը, ապա Շրջանային վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան։
Չուխաճեան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Արիս եւ Անժէլա Սթամպօլեան ամոլին՝ ընդգծելով, որ մշակութային կեդրոնը պարզապէս շէնք մը չէ, այլ մշակոյթի գործիչները եւ մշակութասէր հայութիւնը համախմբող կենդանի միջավայր մը։ Ան շեշտեց, որ այս երթը պիտի շարունակուի Համազգայինի գործին հաւատացող բարերարներու, ազգայիններու, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու հետեւողական զօրակցութեամբ։
Երեկոյի ընթացքին մեծարուեցան նաեւ տարիներ շարունակ Համազգայինի մասնաճիւղերուն մէջ նուիրումով ծառայած հինգ համազգայնականներ։
«Կեանք մը իրագործումներու» մրցանակին արժանացաւ Արաքսի Գազանճեան, «Կրթական մշակ» մրցանակին՝ Կասիա (Պոսնոյեան) Մահսէրէճեան, իսկ «Տարուան կամաւոր» մրցանակը ստացաւ Մարի Թիւթէլեան։ «Տարուան երիտասարդ փայլող աստղ» մրցանակները տրուեցան Դրօ Աշճեանին եւ Անդրանիկ Զուպեանին։
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան հայրենի արուեստագէտներ Վահագն Հայրապետեան, Մհեր Մնացականեան, Վարդան Առաքելեան, Արման Ճալալեան եւ Աստղիկ Մարտիրոսեան։ Երեկոյի հանդիսավարներն էին Աւօ Շանլեան եւ Գօգօ Արթինեան։
Գեղամ արք. Խաչերեան իր սրտի խօսքին մէջ կարեւորեց մշակութային սեփական տուն ունենալու եւ զայն սերունդներուն փոխանցելու տեսլականը։ Ան ընդգծեց, որ բարերարութիւնը Համազգայինի մեծ ընտանիքը կը վերածէ կենսունակ եւ գործունեայ «տանտէրի»՝ Լոս Անճելըսի մէջ հայկական ինքնութեան եւ ազգային մշակոյթի պահպանման ու տարածման ճանապարհին։
Սրբազան հայրը գնահատեց Համազգայինի Շրջանային վարչութեան, Արիս Սթամպօլեանի եւ բոլոր նուիրատուներուն ներդրումը՝ յատկապէս շեշտելով սեփական մշակութային կեդրոն ունենալու երազանքի իրականացման ուղղութեամբ տարիներու հետեւողական աշխատանքը։
Հրայր Սողոմոնեան՝ նուիրումի ժառանգութիւն
500,000 տոլարի նուիրատուութիւնը իր մէջ կը կրէ նաեւ Հրայր Սողոմոնեանի անունն ու ժառանգութիւնը։
Լիբանանի մէջ ծնած Հրայր Սողոմոնեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած էր Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին մէջ՝ ճարտարագիտութեան մասնագիտութեամբ։ 1974-ին տեղափոխուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր պաշտօնեայէն հասած էր տնօրէնի եւ ապա գործատէրի դիրքին։ Սակայն իր կեանքի ձեռքբերումները երբեք չսահմանափակեց անձնական յաջողութեամբ։
Ան իր կարողութիւններն ու նիւթական միջոցները բաժնեկից դարձուց եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին եւ համայնքին։ Մասնակցեցաւ ազգային տարբեր մարմիններու աշխատանքներուն, ներգրաւուեցաւ մշակութային ու թատերական կեանքին եւ կարեւոր ներդրում ունեցաւ շինարարական ծրագիրներու մէջ, ներառեալ Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շինութեան աշխատանքները եւ զոյգ եկեղեցաշինական ծրագիրները։
Լիբանանի Հայաշէն շրջանին մէջ, 1971-1973 տարիներուն, ան մեծ դեր ունեցաւ թատերական կեանքի աշխուժացման մէջ՝ կազմելով տեղացի հայերէ բաղկացած թատերախումբ եւ կազմակերպելով թատերական ներկայացումներ։ Ան անդամ էր Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղին եւ իր գործունէութեամբ նպաստեց շրջանի մշակութային վերելքին։ Եղած էր նաեւ ՀՄԸՄական սկաուտ։
Հրայր Սողոմոնեանի ազգային ու բարեսիրական գործունէութիւնը բարձր գնահատանքի արժանացած էր նաեւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին կողմէ։ Ան ստացած էր «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանը, իսկ Պիքֆայայի մէջ կառուցուելիք միաբանական շէնքի բարերարութիւնը ստանձնելէ ետք՝ «Կիլիկեան Իշխան» բարձրագոյն շքանշանը։
Վեհափառ Հայրապետը Հրայր Սողոմոնեանը բնութագրած էր որպէս «եզակի անձնաւորութիւն», «հայրենիքին ու հայութեան նուիրեալ հերոս» եւ «եզակի մարդ»՝ շեշտելով անոր համեստութիւնը, անկեղծութիւնը, յարգալից վերաբերմունքը եւ առանց լուսարձակներու ուրիշներուն օգնելու պատրաստակամութիւնը։
Այսօր, տարիներ ետք, Հրայր Սողոմոնեանի անունով կատարուած 500,000 տոլարի այս նուիրատուութիւնը կը փաստէ, որ ազգային բարերարի մը կեանքը չի վերջանար իր ֆիզիքական բացակայութեամբ։ Անոր թողած ժառանգութիւնը կը շարունակէ ապրիլ այն կառոյցներուն, կրթական ու մշակութային ծրագիրներուն եւ ազգային նախաձեռնութիւններուն մէջ, որոնց միջոցով հայութիւնը կը փորձէ իր մշակոյթը փոխանցել յաջորդ սերունդներուն։
Եւ այս իմաստով, «մշակոյթի տուն»ը միայն քարով ու շաղախով կառուցուող շէնք մը չէ։ Ան կը կառուցուի նաեւ մարդոց նուիրումով, յիշատակով եւ հաւատքով։ Հրայր Սողոմոնեանի անունով կատարուած այս մեծ նուիրատուութիւնը այդ հաւատքին հերթական եւ ազդեցիկ վկայութիւնն է։
Երեկոն աւարտեցաւ շնորհակալութեան խօսքերով եւ նոր նուիրատուութիւններով՝ վերահաստատելով Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանի հիմնական նպատակը. կերտել մշակոյթի տուն մը, որ այսօրուան սերունդին պիտի ծառայէ, բայց իր իսկական իմաստը պիտի ստանայ վաղուան սերունդներուն փոխանցուելով։












(Թղթակցութիւնը՝ Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութենէն)