image
Հրատապ լուրեր:

Համազգային»ի «Արիս Սթամպօլեան» Կերդրոնի բացումը. Զարգացման նոր փուլ մը Լոս Անճըլըսի համայնքին համար

Համազգային»ի «Արիս Սթամպօլեան» Կերդրոնի բացումը. Զարգացման նոր փուլ մը Լոս Անճըլըսի համայնքին համար

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին համար «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնը, այսպիսով, կը մտնէ նոր փուլ մը։ Երկու տարի առաջ բացուած սեփական կեդրոնը այժմ կը փորձէ վերածուիլ ոչ միայն կազմակերպութեան, այլ ամբողջ համայնքի մշակութային կեանքը աշխուժացնող, երիտասարդութիւնը համախմբող եւ նոր նախաձեռնութիւններու համար բաց տարածքի մը։

600,000 տոլարի համայնքային հանգանակութիւնը այդ ճանապարհին նոր հանգրուանի մը սկիզբն է։

Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանը կը ձեռնարկէ իր սեփական մշակութային կեդրոնի բարեկարգման եւ ընդլայնման աշխատանքներուն։ Նախաձեռնութեան ի նպաստ համայնքը հանգանակած է 600,000 տոլար՝ վերահաստատելով կեդրոնը ամբողջ գաղութին ծառայող մշակութային հարթակի վերածելու հաւաքական կամքը։

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի առաջին մասնաճիւղը հիմնուած է 1968-ին, Լոս Անճելըսի մէջ՝ Միութեան՝ 1928-ին Գահիրէի մէջ հիմնադրութենէն քառասուն տարի անց։ Տասնամեակներ շարունակ սեփական մշակութային կեդրոն ունենալու գաղափարը մնացած էր շրջանի համազգայնականներուն հիմնական նպատակներէն մէկը։

Այդ երազը իրականութիւն դարձաւ 1 Փետրուար 2025-ին, երբ բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի «Արիս Սթամպօլեան» մշակութային կեդրոնին։ Կեդրոնը ստեղծուեցաւ գլխաւորաբար Տէր եւ Տիկին Արիս եւ Անժելա Սթամպօլեաններու բարերարութեամբ, իսկ կառոյցին մէջ Ալիս Պէզճեան ցուցասրահն ու դահլիճը եւ Սաթիկ Տէր Յովհաննէսեան սրահը կը կրեն բարերարներու եւ անոնց ընտանիքներու անունները։

Նոր կեդրոնի բացումը, սակայն, շրջանի պատասխանատուներուն համար վերջնակէտ մը չէր։ Երկու տարի անց, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը սկսած է կեդրոնը բարելաւելու եւ արդիականացնելու նոր ծրագիր մը, որուն նպատակն է զայն աւելի մատչելի, ընդարձակ եւ գործածելի դարձնել, յատկապէս երիտասարդ սերունդին համար։

Շրջանային վարչութեան ատենապետ Մանուկ Չուխաճեան նշած է, որ նախաձեռնութեան կարեւոր մէկ երեսը համայնքի լայն մասնակցութիւնն է։ $500-ի «building block» նախաձեռնութեան միջոցով 375 անձեր իրենց ներդրումը կատարած են կեդրոնի զարգացման աշխատանքներուն, եւ անոնց անունները պիտի արձանագրուին շէնքին վրայ։

«Մեր նպատակն է, որ այս շէնքը ձեւով մը բոլորին, գաղութին, ժողովրդին պատկանի», ըսած է Չուխաճեան՝ շեշտելով, որ կեդրոնը միայն յայտնի բարերարներու աջակցութեամբ կառուցուած կառոյց մը չէ, այլ համայնքային հաւաքական ներդրման արդիւնք։

Շրջանային վարչութեան փոխատենապետ Յովիկ Սէրայտարեան կը նշէ , որ նոր ծրագիրը նաեւ կը հետապնդէ երիտասարդութիւնը ներգրաւելու եւ անոնց համար արդիական մշակութային միջավայր մը ստեղծելու նպատակ։

Ծրագիրը բաժնուած է վեց հիմնական ուղղութիւններու՝ վերելակի կառուցում, նոր խոհանոց, բակի եւ պարտէզի ընդարձակում ու բարեկարգում, օդափոխութեան համակարգի մեծածաւալ բարելաւում եւ այլ ենթակառուցուածքային աշխատանքներ։

Կեդրոնի ընդհանուր ճարտարապետն է Արամ Ալաճաճեան։ Նախագիծին աշխատանքներուն իրենց ներդրումը ունեցած են նաեւ երկրաչափներ Վահան Պզտիկեան, Հրայր Պալեան եւ Վահէ Յովակիմեան։

Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի շրջանին համար «Արիս Սթամպօլեան» կեդրոնը, այսպիսով, կը մտնէ նոր փուլ մը։ Երկու տարի առաջ բացուած սեփական կեդրոնը այժմ կը փորձէ վերածուիլ ոչ միայն կազմակերպութեան, այլ ամբողջ համայնքի մշակութային կեանքը աշխուժացնող, երիտասարդութիւնը համախմբող եւ նոր նախաձեռնութիւններու համար բաց տարածքի մը։

600,000 տոլարի համայնքային հանգանակութիւնը այդ ճանապարհին նոր հանգրուանի մը սկիզբն է։