image

ԱՄՆ Ծերակուտականներ Լաչինի խնդրով բանաձեւ կը պահանջեն

ԱՄՆ Ծերակուտականներ Լաչինի խնդրով բանաձեւ կը պահանջեն

15 օգոստոսին, ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պոպ Մենենտես եւ ծերակուտական Ալեքս Փատիլա նամակ յղած են ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մշտական ներկայացուցիչ Լինտա Թոմաս-Կրինֆիլտին` յորդորելով անոր ներկայացնել բանաձեւ, որ կոչ կ'ընէ Ատրպէյճանին անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի ութամսեայ շրջափակումը եւ թոյլ տալու անսահմանափակ ծաւալով մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Լեռնային Ղարաբաղի հայերուն: Գրած է «Ամերիկայի Ձայնը»

Այս մասին կը տեղեկանանք ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի հաղորդագրութենէն։

Ծերակուտականներու համոզմամբ, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը սպառնայ սովի միջոցով ցեղային զտումներ իրականացնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի նկատմամբ՝ նաեւ զրկելով վառելիքէ եւ առաջին անհրաժեշտութեան այլ ապրանքներէ: Ծերակուտականները կոչ կ'ընեն ՄԱԿ-ին անյապաղ գործելու՝ կառոյցի կանոնադրութեան եւ մանտաթի համաձայն։

«Ութ ամիս Ատրպէյճան աստիճանաբար խստացուցած է շրջափակումը, որու նպատակն է զրկել Լեռնային Ղարաբաղի հայերը առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէ, անոնց կարգին՝ սնունդէ եւ դեղորայքէ: 15 յունիսին Ատրպէյճան փաստացի (ամբողջովին) արգիլեց մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը, ինչ որ ծանր հետեւանքներ կ'ունենայ այնտեղ՝ (Լեռնային Ղարաբաղ) ապրող տասնեակ հազարաւոր մարդոց, ներառեալ՝ երեխաներու, ծերերու, հիւանդութիւն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող անձերու համար»,- ընդգծած են ծերակուտականները։

«Կը խնդրենք, աշխատանք տանիլ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բոլոր անդամներուն հետ՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան նկատմամբ ճնշում բանեցնելու՝ վերացնելու շրջափակումը եւ կանխելու այն, ինչ, ըստ ապացոյցներու, կը վկայէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի դէմ (կիրառուող) ցեղային զտման համակարգուած ջանքերու մասին»,- եզրափակած են ծերակուտականները: