Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Ուժեղ Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար Նարեկ Կարապետեանը Շաքիի մէջ ատրպէյճանցի զինծառայողի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած միջադէպի առնչութեամբ քննադատած է պատասխանատու մարմիններու գործունէութիւնը։ Կարապետյանն այս մասին յայտարարած է Ազգային ժողովի հոկտեմբեր 6-ի նիստին։
Ան անդրադարձած է ատրպէյճանական կողմի՝ զինծառայողի կորուստի մասին հայկական կողմին տեղեկացնելու հանգամանքին՝ հարց բարձրացնելով պատասխանատու մարմիններու ձեռնարկած գործողութիւններու վերաբերեալ։
«Գալիս, ասում են՝ Ադրբեջանը տեղեկացրել է մեզ։ Ասում ենք՝ շատ լաւ։ Բա հինգ օր ի՞նչ էիք անում։ Հինգ օր ձեր պաշտպանութեան նախարարը ի՞նչ էր անում»,-ըսած է Կարապետեանը։
Անդրադառնալով Շաքիի մէջ երեխաները պաշտպանած մօր գործողութիւններուն՝ պատգամաւորը շեշտած է, որ քաղաքացիներու անվտանգութիւնն ապահովելը պետական մարմիններու պարտականութիւնն է։
Յիշեցնենք, որ Հոկտեմբեր 1-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը յայտարարած էր, որ Սեպտեմբեր 29-ին Ատրպէյճանի պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը տեղեկացուցած էր իր զինծառայողի՝ ծառայութեան վայրը լքելուն մասին՝ չբացառելով անոր կողմէ Հայաստանի սահմանը ապօրինի հատելու հաւանականութիւնը։ Անկէ ետք երկու երկիրներու իրաւասու մարմինները իրականացուցած են որոնողական աշխատանքներ։
Հոկտեմբեր 1-ին Շաքի բնակավայրին մէջ ատրպէյճանցի զինծառայող Նասիմի Ռահիմ Օղլի Մուսաեւի մասնակցութեամբ տեղի ունեցած դէպքին հետեւանքով հրազէնային վիրաւորում ստացած է Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի մը։ Բժշկական օգնութեան դիմած են նաեւ անոր երկու անչափահաս երեխաները։
Մուսաեւ յայտնաբերուած եւ ձերբակալուած է, իսկ Հոկտեմբեր 2-ին անոր նկատմամբ հանրային քրէական հետապնդում յարուցուած է։ Ան երկու ամիս ժամկէտով կալանաւորուած է։