Միացեալ Նահանգները կապ չունի Իրանի մէջ տեղի ունեցած պայթումներու հետ եւ որեւէ հիմք չունի ըսելու, որ Իսրայէլը ներգրաւուած է ատոր մէջ, -ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըրը։
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք Իրանէն եկող հաղորդագրութիւններուն, մենք չունինք որեւէ անկախ տեղեկատւութիւն։ Կը ցաւակցինք այս սարսափելի պայթումներու զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն»,-ըսած է ան ճեպազրոյցին։
«Դեռ վաղ է, ամենայնդէպս, մեզի համար ըսել, թէ ինչն է տեղի ունեցածի պատճառը, բայց ես կ՚ուզէի պատասխանել որոշ անպատասխանատու մեղադրանքներուն, որոնք ես տեսած եմ, որոնք կը շրջանառուին եւ ըսել, որ Միացեալ Նահանգները որեւէ կերպ առնչութիւն չունի պայթումին հետ։
Հակառակ յայտարարութիւնները ծիծաղելի են: Մենք հիմք չունինք ենթադրելու նաեւ, որ Իսրայէլը ներգրաւուած է այս ամէնուն մէջ»,-աւելցուցած է ան։