Ամերիկեան նոր պատիժներ Ռուսիոյ դէմ

Ամերիկեան նոր պատիժներ Ռուսիոյ դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ուքրանիոյ անկախութեան օրուան առթիւ եւ յայտարարած Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներու մասին։ 

Պայտընի ուղերձը հրապարակած է Սպիտակ տան մամուլի ծառայութիւնը։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը նշած է, որ դաշնակիցներու հետ կ'ուզէ պատասխանատւութեան ենթարկել «ռուսական ուժերը, որոնք Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի յանցագործութիւններ կատարած են»։

«Այդ կը ներառէ ուքրանացի հազարաւոր երեխաներու բռնի տեղափոխումը Ռուսիա․․․ Այսօր մենք կը յայտարարենք նոր պատժամիջոցներ՝ պատասխանատւութեան ենթարկելու այդ բռնի տեղափոխութիւններու եւ տեղահանումներու պատասխանատուները, եւ կը պահանջենք ուքրանացի երեխաները վերադարձնել իրենց ընտանիքներ», -ըսուած է Սպիտակ տան յայտարարութեան մէջ։

Թե ինչ պատժամիջոցներու մասին է խօսքը, ուղերձին մէջ չի նշուիր։

Միացեալ Նահանգներու նախագահը վերահաստատած է, որ Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աջակցիլ Ուքրանիոյ «ազատութեան համար իր պայքարին մէջ հիմա եւ երկարաժամկէտ հեռանկարով»։

Ուքրանական կողմը բազմիցս մեղադրած է Ռուսիան երեխաներ առեւանգելու եւ իր տարածք տեղափոխելու մէջ։ Աւելի վաղ ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան յայտարարած էր, որ Ռուսիան հակամարտութեան գօտիէն տարհանած է ուքրանացի երեխաներ եւ անոնց պիտի վերադարձնէ «երբ պայմանները ապահով ըլլան»։