Իրանի բանակը յայտարարած է, որ Նոյեմբեր 18-ի վաղ առաւօտեան մարտական անօդաչու թռչող սարքերով հարուածած է Քուէյթի մէջ գտնուող «Ալի Ալ Սալեմ» ռազմակայանին մէջ տեղակայուած ամերիկեան «Patriot» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը, ինչպէս նաեւ անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու արձակման հարթակները։
Այս մասին կը հաղորդէ «Մեհր» գործակալութիւնը։
Ըստ բանակի յայտարարութեան՝ «Ալի Ալ Սալեմ» օդուժի ռազմակայանը կարեւոր ռազմակայաններէն մէկն է, օդային փոխադրումներու գլխաւոր հանգոյցը եւ ռազմական ուժերու՝ Արեւմտեան Ասիոյ տարածաշրջան մուտքի դարպասը։ Այն կեդրոնական դեր ունի տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան զինուած ուժերու ռազմավարութեան եւ մատակարարման ապահովման գործին մէջ։
«Իրանի պաշտպանութեան հարցով մենք որեւէ ուժի առջեւ չենք խոնարհիր։ Ընդհակառակը՝ որեւէ սպառնալիքի եւ յարձակման մեր պատասխանը պիտի ըլլայ վճռական, ջախջախիչ եւ առանց աշխարհագրական սահմանափակումներու», յայտարարած է Իրանի բանակը։
Միւս կողմէ, «Ալ Ճազիրա»ի հաղորդմամբ՝ Պահրէյնի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայաններուն մէջ պայթումներ լսուած են։ Երկրի Ներքին գործոց նախարարութիւնը նախազգուշացում հրապարակած է՝ կոչ ընելով բնակչութեան պահպանելու հանգստութիւնը եւ պատսպարուելու մօտակայ ապահով վայրերու մէջ։
Ըստ «Մեհր» գործակալութեան վկայակոչած ոչ պաշտօնական աղբիւրներու՝ անօդաչու թռչող սարքերով ուղիղ եւ ճշգրիտ հարուածներ հասցուած են Պահրէյնի ամերիկեան ռազմակայաններուն, ուր հրդեհ բռնկած է։ Աղբիւրներուն համաձայն՝ թիրախ դարձած է «Շէյխ Իսա» օդուժի ռազմակայանը։
Միեւնոյն ժամանակ, «Ալ Ճազիրա» կը հաղորդէ, որ Քուէյթ եւ Պահրէյն յայտնած են իրանական օդային յարձակումը կասեցնելու մասին։ Քուէյթէն նշած են, որ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը կը հակազդեն «թշնամական» անօդաչու թռչող սարքերու յարձակումներուն, իսկ լսուող պայթումներուն ձայները հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու աշխատանքին հետեւանքն են։
Վերջին օրերուն Իրանը քանի մը անգամ հարուածներ հասցուցած է Պահրէյնի մէջ ամերիկեան թիրախներուն։