image

Ամերիկացիներ պիտի հեռանան Պելառուսիայէն

Ամերիկացիներ պիտի հեռանան Պելառուսիայէն

Պելառուսիոյ մէջ ԱՄՆ դեսպանատունը իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու երկիրը։ Համապատասխան ծանուցումը տեղադրուած է դիւանագիտական ​​ներկայացուցչութեան կայքին մէջ, յայտնած է Meduza-ն։

Որպէս նման յանձնարարականի պատճառ՝ դեսպանատունը նշած է Պելառուսիոյ հետ սահմանին երկու անցակէտերը փակելու՝ Լիթվանիայի վերջին որոշումը եւ Լիթվանիայի, Լաթվիայի եւ Լեհաստանի յայտարարութիւնը, որ այդ երկիրները կը դիտարկեն Պելառուսիոյ սահմանն ամբողջութեամբ փակելու հնարաւորութիւնը։

Ամերիկացիներուն խորհուրդ տուած են հեռանալ Պելառուսիայէն Լատվիայի եւ Լիտվայի հետ սահմանային անցակէտերով կամ օդանաւով։ Դեսպանատունը յիշեցուցած է, որ Լեհաստանը փակած է սահմանի անցակէտը, ինչպէս նաեւ յորդորած է չմեկնիլ Ռուսիոյ կամ Ուքրանիոյ տարածքով։

Դեսպանատունը յիշեցուցած է քաղաքացիներուն, որոնք դեռ կը ծրագրեն ուղեւորութիւններ Պելառուսիա, որ խնդիրներ առաջանալու պարագային չեն կրնար յոյս դնել Միացեալ Նահանգերու կառավարութեան օգնութեան վրայ։