Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուա պատրաստ է Գիւմրիէն դուրս բերելու ռուսական ռազմակայանը, եթէ Հայաստանը շահագրգռուած չէ ատոր ներկայութեամբ։ Ան միաժամանակ նշած է, որ Ռուսիան պատրաստ է պահպանելու իր ռազմական ներկայութիւնը, եթէ այդպէս կը ցանկայ հայ ժողովուրդը։
Փութին այս մասին ըսած է Պիշքեքի մէջ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովի արդիւնքներուն նուիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
«Եթէ Հայաստանը կը համարէ, որ ռուսական ռազմակայանը Հայաստանին պէտք չէ, մենք կը հեռանանք թէկուզ վաղը։ Բայց Հայաստանը պատրա՞ստ է ատոր։ Խնդրեմ։ Մենք ոչ ոքի որեւէ բան կը պարտադրենք։ Իսկ եթէ հայ ժողովուրդը կ՚ուզէ, որ իր կողքին ռուսական որեւէ ռազմական թեւ ըլլայ, ապա մենք կը մնանք, կ՚աշխատինք եւ կը համագործակցինք», ըսած է Փութին։
Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրաւիրած է Մոսկուա՝ հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցերը հանգիստ պայմաններու մէջ եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ քննարկելու համար։
«Ես զինք հրաւիրած եմ Մոսկուա, որ առանց շտապելու՝ անոր եւ մեր մասնագէտներու հետ նստինք ու անցնինք իւրաքանչիւր կէտով։ Հոն կան նաեւ մասնաւոր հարցեր, օրինակ՝ երկաթուղին», -ըսած է Փութին՝ աւելցնելով, որ կողմերը պայմանաւորուած են երկխօսութիւնը վարել հանգիստ պայմաններու մէջ։
Անդրադառնալով Հայաստանի՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցելու ձգտման՝ Փութին ընդգծած է, որ ատիկա երկրի ինքնիշխան ընտրութիւնն է, սակայն, իր գնահատմամբ, Հայաստանը չի կրնար միաժամանակ անդամակցիլ ԵՄ-ին եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան։
«Եթէ որոշած էք շարժիլ դէպի Եւրոպական Միութիւն, այդ մէկը որեւէ երկրի ինքնիշխան որոշումն է։ Մեզ հայ ժողովուրդին հետ կը կապեն բարեկամութեան պատմական թելեր եւ նոյնիսկ աւելին՝ քան բարեկամութիւնը։ Մենք հայերուն, ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին հետ յարաբերութիւններու շատ խոր արմատներ ունինք։ Բայց միաժամանակ երկու կազմակերպութիւններու մէջ գտնուիլը ուղղակի անհնար է։ Բուսասանիտարական չափանիշերը, արհեստագիտական չափանիշերը եւ շատ այլ բաներ այսօր անհամատեղելի են», ըսած է Ռուսիոյ նախագահը։
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան սեպտեմբեր 1-ին Պիշքեքի մէջ հանդիպած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին։