Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան հիւպատոսական հարցերով օգնական Ռենա Պիթըր օգոստոս 21-28-ը պիտի այցելէ Երեւան, Ամման եւ Գահիրէ, ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:
«Ուղեւորութեան ընթացքին արտաքին գործոց նախարարի օգնականը պիտի հետեւի Միացեալ Նահանգներու հիւպատոսութիւններու աշխատանքին եւ պիտի հանդիպի այս երկիրներուն մէջ իր պաշտօնակիցներու հետ՝ ընդգծելու մեր խոր եւ կայուն յանձնառութիւնը՝ ուղղուած դուրսը ապրող Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Միացեալ Նահանգներ օրինական ճանապարհով այցելութիւններու դիւրացման»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ։