ՀՀ ոստիկանապետի առաջին տեղակալ Յունան Պօղոսեան այսօր յայտնած է, որ Էրէբունի զինուորական կեդրոնի հարցով բանակցութիւնները կը շարունակուին: Ան նաեւ ըսած է, որ եթէ բանակցութիւնները շօշափելի արդիւնքներու չյանգին ապա ոստիկանութիւնը պատրաստ է համապատասխան օրինական քայլերու ձեռնարկելով լուծել այս խնդիրը: Նշենք, որ աւելի վաղ յայտնուած էր պատանդ առնուած մէկ ոստիկանի եւ շտապ օգնութեան մէկ աշխատակիցի ազատ արձակման մասին: Այս պահուն եւ ըստ Պօղոսեանի, Էրէբունիի ոստիկանական կեդրոնին մէջ կը գտնուին պատանդ առնուած 5 ոստիկաններ: Պօղոսեան նաեւ ըսած է, որ քննարկման մէջ է Ժիրայր Սէֆիլեանին տարուող բանակցութիւններուն մասնակցութեան խնդիրը: Յիշեցնենք,որ «Սասնայ ծռեր» անունը կրող զինեալներու խումբ մը կիրակի կանուխ առաւօտ յարձակում մը գործած էր Էրէբունի շրջանի պահակային-ոստիկանութեան մէկ կեդրոնին վրայ եւ բռնի ուժով պատանդ վերցուցած հոն գտնուող ոստիկանները: Զինեալներուն գլխաւոր պահանջն է ազատ արձակել Հայաստանի մէջ գտնուող բոլոր քաղբանտարկեալները, որոնց գլխաւորը Ժիրայր Սէֆիլեանն է: