Սիւնիքի մէջ զօր. Ռուստամ Մուրատովի մասնակցութեամբ ընթացող բանակցութիւնները աւարտած են: Այս մասին յայտնեցին Պաշտպանութեան նախարարութենէն:
Նախարարութենէն այլ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին՝ նշելով, թէ յայտարարութիւն կը տարածուի:
Գորիսի փոխքաղաքապետ՝ Մէնուա Յովսէփեան տեղեկացուց, որ բանակցութիւնները կը շարունակուին վաղը։
«Ըստ մեր ունեցած տեղեկութիւնների՝ բանակցութիւններն աւարտուել են, արդիւնքներ չկան։ Ոչ մի հարցի շուրջ ընդհանուր յայտարարի չեն եկել»,- ըսաւ Յովսէփեան։
Յիշեցնենք, որ այսօր՝ 15 մայիսին, Սիւնիքի մէջ ատրպէյճանական կողմի հետ ընթացող բանակցութիւններուն մասնակցած էր նաեւ ռուսական խաղաղապահ զօրքերու հրամանատար՝ Ռուստամ Մուրատովը։ Այս մասին յայտնած էր Գորիսի քաղաքապետի տեղակալ՝ Իրինա Եոլեանը։
Ան նշած էր, որ բանակցութիւնները կ'ընթանան Սիւնիքի Ներքին Խնձորեսկ վարչական շրջանի տարածքը:
Լուրը՝ Tert.am-էն