image

Գորիսի մէջ ընթացք առին Սիւնիքի խնդրով բանակցութիւնները՝ Զօր. Մուրատովի մասնակցութեամբ

Գորիսի մէջ ընթացք առին Սիւնիքի խնդրով բանակցութիւնները՝ Զօր. Մուրատովի մասնակցութեամբ

Սիւնիքի սահման ներխուժած ատրպէյճանցիներու ետ քաշուելու թեմայով Սիւնիքի մէջ մեկնարկած են բանակցութիւնները։ Տեղեկութիւնը յայտնած է Գորիսի փոխհամայնքապետ Մենուա Յովսէփեանը։

Նշենք, որ երէկ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ բանակցութիւնները դադրած են եւ պիտի շարունակուին այսօր։

«Բանակցութիւնները սկսել են արդէն ժամը 3-ից։ Այն համակարգում է ռուսական խաղաղապահ զօրախմբի հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատովը»,–ըսած է Յովսէփեանը։

Ան յայտնած է նաեւ, որ մարզի բնակչութիւնը մարտական տրամադրուած է` պատրաստ պաշտպանելու իրենց հողերը։

Յովսէփեանը յիշեցուցած է, որ երէկ ատրպէյճանցիները Ակներ գիւղի վերի մաս առաջացած են, որու հետեւանքով Գորիս քաղաքը կ'իյնայ անմիջական նշանառութեան տակ։

Ի դէպ, Sputnik Արմենիայի տեղեկութիւններով` Ռուստամ Մուրատովը եւս 6 ամիս պիտի ղեկավարէ խաղաղապահ զօրախումբը։