ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մօտ քրէական գործ յարուցուած է՝ ժամկէտային զինծառայող Շաւարշ Գալստեանի մահուան դէպքի առթիւ։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժնի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն։
Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ քրէական գործ յարուցուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ինքնասպանութեան հասցնելը), կը կատարուի նախաքննութիւն: