image

Յայտնաբերուած է Աբովեան փողոցին վրայ մարդասպանութեան հեղինակը (Տեսանիւթ)

Յայտնաբերուած է Աբովեան փողոցին վրայ մարդասպանութեան  հեղինակը (Տեսանիւթ)

 

2 Յունիսին սպանութիւն կատարուած էր մայրաքաղաքի կեդրոնին մէջ: Տղամարդ մը Աբովեան փողոցին մէջ՝ արտասահմանեան համարանիշերով «Թոյոթայի» մօտ, ատրճանակով կրակած էր Յովհաննէս Վարդանեանի գլխուն։ Գաւառի բնակիչ, 50-ամեայ տղամարդը մահացած էր։
Դէպքի վայրի զննութեամբ յայտնաբերուած էր կրակուած պարկուճ։ Տարածքային քննչական բաժնին մէջ յարուցուած է քրէական գործ։ Ոստիկանութեան ծառայողները նախ պարզած են, որ սպանութիւնը կատարած անձը իրականութեան մէջ ծրագրած էր կրակել Յովհաննէս Վարդանեանի հետ եղած տղամարդու վրայ։

 

Շուտով յայտնի դարձած է, որ յանցագործը Աբովեան փողոց եկած էր՝ անցնելով Կողբացի փողոցով։ Աբովեան փողոցի մէջ սպասած էր զոհին, իսկ կրակելէն ետք փախած էր Հիւսիսային պողոտայ, ուրկէ ալ թաքսիով հասած էր Հալապեան փողոց։ Այստեղ ազատած էր յանցագործութեան գործիքէն ու դէպքի ժամանակ կրած մարզահագուստէն։

Նոյն դէպքի օրը Հալապեան փողոցի աղբամաններէն մէկուն մէջ յայտնաբերուած են յանցագործութեան գործիք «Մաքարով» ատրճանակը՝ լիցքաւորուած փամփուշտներով, եւ մարզահագուստը։ Պարզուած է նաեւ, որ տղամարդը մէկ այլ թաքսիով Հալապեան փողոցէն մեկնած էր Թալին, ուր խանութներէն մէկէն հագուստ գնած էր։

Կարճ ժամանակուան մէջ յայտնաբերուած են անոր տեղափոխած թաքսիի վարորդները, որոնց յայտնածով՝ կասկածուողը սլաւոնական արտաքին ունէր եւ ռուսախօս էր։ Ծաւալուն ու բազմաբնոյթ հետախուզական միջոցառումներու շնորհիւ պարզուած է անոր ինքնութիւնը․ Ալեքսանտր Պուզմառեւ՝ օտարերկրեայ քաղաքացի է, 23 տարեկան։

Յանցագործութիւնը կատարելու մէջ կասկածուող անձը յայտնաբերելու եւ քննութեան ներկայացնելու ուղղութեամբ միջոցառումները հետեւողականօրէն կը շարունակուին: