image

Յայտնաբերուած է ժամկէտային զինծառայողի դի

Յայտնաբերուած է ժամկէտային զինծառայողի դի

ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան մօտ քրէական գործ յարուցուած է՝ ժամկէտային զինծառայող Շաւարշ Գալստեանի մահուան դէպքի առթիւ։ Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ քննչական կոմիտէի բաժնի տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու բաժնէն։

Այսօր՝ ժամը  08:50-ի շուրջ, մարտական դիրքի մէջ յայտնաբերուած է պարտադիր ժամկէտային զինծառայող, շարքային Շաւարշ Յակոբի Գալստեանը՝ ծնոտի շրջանին մահացու հրազէնային վնասուածքով: 

Դէպքի առթիւ ՀՀ քննչական կոմիտէի զինուորական քննչական գլխաւոր վարչութեան վեցերորդ կայազօրային քննչական բաժնին մէջ քրէական գործ յարուցուած է՝ ՀՀ քրէական օրէնսգիրքի 110-րդ յօդուածի 1-ին մասով (ինքնասպանութեան հասցնելը), կը կատարուի նախաքննութիւն: