image

Ութ ամսուան բացակայութենէ ետք Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամերուն

Ութ ամսուան բացակայութենէ ետք Լիբանանի կառավարութիւնը կրնայ կազմուիլ յառաջիկայ 48 ժամերուն

Ութ ամսուան բացակայութենէ ետք, լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն նոր կառավարութեան կազմութեան աւետիսին: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց երէկ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, որուն կապոյտ պաստառին հարցազրոյց մը տալով, սիւննի երեսփոխան Ապտ Ալ-Ռահիմ Մըրատ յայտարարած է, որ այս փուլին երկրի մէջ առկայ լաւատեսութիւնը, կապուած նոր կառավարութեան մը կազմութեան, տեղին է:

Ապտ Ալ-Ռահիմ Մըրատ, որ նաեւ ներկայացուցիչն է անկախ սիւննիներու համախմբումին, նշած է, որ կառավարութեան կազմութեան լուրը կրնայ հրապարակուիլ յառաջիկայ 48 ժամերուն:

Յիշեցնենք, որ անցեալ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք երկրի վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը կազմելու իր ճիգերուն մէջ տարբեր արգելքներու հանդիպեցաւ եւ չկարողացաւ կառավարութեան կազմութիւնը վերջնական փուլի հասցընել:

Մինչ կազմութեան նախնական փուլերուն պայքար տեղի կ'ունենար,թէ ինչպիսի հիմունքներով նախարարական աթոռները պիտի բաժնուին երկրի քաղաքական ուժերուն միջեւ, վերջին շրջանին երեւելի դարձաւ անկախ սիւննիներու պարագան, որոնք պնդեցին, որ պէտք է ներկայացուին նոր կառավարութենէն ներս:

Յիշեցնենք, որ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ Լիբանանի հայ համայնքը կ'ունենայ 2 նախարարական աթոռներ: