Ութ ամսուան բացակայութենէ ետք, լիբանանցիները անհամբեր կը սպասեն նոր կառավարութեան կազմութեան աւետիսին: Այս մասին տեղեկութիւնը հաղորդեց երէկ «Ալ-Ժատիտ» կայանը, որուն կապոյտ պաստառին հարցազրոյց մը տալով, սիւննի երեսփոխան Ապտ Ալ-Ռահիմ Մըրատ յայտարարած է, որ այս փուլին երկրի մէջ առկայ լաւատեսութիւնը, կապուած նոր կառավարութեան մը կազմութեան, տեղին է:
Ապտ Ալ-Ռահիմ Մըրատ, որ նաեւ ներկայացուցիչն է անկախ սիւննիներու համախմբումին, նշած է, որ կառավարութեան կազմութեան լուրը կրնայ հրապարակուիլ յառաջիկայ 48 ժամերուն:
Յիշեցնենք, որ անցեալ մայիսին երեսփոխանական ընտրութիւններէն ետք երկրի վարչապետ նշանակուած Սաատ Հարիրի կառավարութիւնը կազմելու իր ճիգերուն մէջ տարբեր արգելքներու հանդիպեցաւ եւ չկարողացաւ կառավարութեան կազմութիւնը վերջնական փուլի հասցընել:
Մինչ կազմութեան նախնական փուլերուն պայքար տեղի կ'ունենար,թէ ինչպիսի հիմունքներով նախարարական աթոռները պիտի բաժնուին երկրի քաղաքական ուժերուն միջեւ, վերջին շրջանին երեւելի դարձաւ անկախ սիւննիներու պարագան, որոնք պնդեցին, որ պէտք է ներկայացուին նոր կառավարութենէն ներս:
Յիշեցնենք, որ 30 հոգիներէ բաղկացող կառավարութեան մէջ Լիբանանի հայ համայնքը կ'ունենայ 2 նախարարական աթոռներ: