image
Հրատապ լուրեր:

Ուաշինկթըն դատապարտեց Եէմէնի մէջ կատարուած սպաննութիւնները

Ուաշինկթըն դատապարտեց Եէմէնի մէջ  կատարուած սպաննութիւնները

Ուաշինկթըն յայտարարած է, որ լուրջ կը վերաբերի ՄԱԿ-ի հրապարակած այն յօդուածին, ուր նշուած է, թէ Եմէնի մէջ հակամարտող բոլոր կողմերը պատերազմի յանցագործութիւններ կատարած են: Այս մասին կը յայտնէ «Ալ Ժատիտ» լրատուական կայքը:

ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Հեթըր Նաուըրթ անդրադառնալով խնդիրին նշած է, որ իր երկիրն ուսումնասիրած է Մարդու իրաւունքներու խորհուրդի հրապարակած տուեալները, դիտել տալով, որ Եմէնի մէջ Միջազգային իրաւունքի հաւանական խախտումը խորապէս կը մտահոգէ Միացեան Նահանգները:

«Ոչինչ կրնայ արդարացնել նման ոճիրներ, եթէ անոնք իսկապէս կատարուած են»,- ըսած է Նաուըրթ, միաժամանակ կոչ ուղղելով հակամարտող կողմերուն համապատասխան միջոցներ ձոռնարկել, նման խախտումներէ զերծ մնալու համար: