image

Ատրպէյճանցիներու կողմէ կատարուած հեռախօսազանգերու մասին լուրերը սուտ են. ԱՀ ԱԱԾ

Ատրպէյճանցիներու  կողմէ   կատարուած  հեռախօսազանգերու մասին լուրերը սուտ են. ԱՀ ԱԱԾ

Արձագանգելով ընկերային ցանցերու հայկական տիրոյթին եւ մամուլի մէջ տարածուած տեղեկատուութեան, ըստ որու «Ատրպէյճիներու կողմէ արցախցիներուն հեռախօսազանգեր կ'ուղղուին, որով վերջիններիս կ'առաջարկեն վաճառել իրենց բնակարանները», Արցախի ԱԱԾ-ն կ'իրազեկէ, որ այդ լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան։

«Յորդորում ենք զերծ մնալ բնակչութեան անվտանգութեանը վերաբերող թեմաներով ապատեղեկատուութիւն տարածելուց։

Կոչ ենք անում նման բնոյթի զանգեր ստանալու դէպքում անյապաղ դիմել ԱՀ ԱԱԾ»,- ըսուած է ԱՀ ԱԱԾ տարածած հաղորդագրութեան մէջ։