image

Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Բնակչութեան Թիւը Կրնայ Գերազանցել 3,000,000-ը

Թուրքիոյ Մէջ Սուրիացի Բնակչութեան Թիւը Կրնայ Գերազանցել 3,000,000-ը

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Թուրքիոյ աշխատանքային գործատու մարմնին  կողմէ պատրաստուած զեկոյցին համաձայն, Թուրքիոյ մէջ բնակութիւն հաստատած սուրիացի փախստականներու թիւը մօտ ապագային կրնայ գերազանցել 3,000,000-ը: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս ընթացքով  անոնց   աշխատանք    ապահովելու պայմանները կրնան վատթարանալ:  Թերթը կը  գրէ, որ այս ուսումնասիրութեան հիմնական եզրակացութիւնը եղած է այն, որ ներկայիս Թուրքիոյ մէջ ապաստանած սուրիացիներու պաշտօնական թիւը կը հասնի 2,2 միլիոնի, որը կը կազմէ ընդհանուր աշխարհով մէկ տարածուած փախստական սուրիացիներու 50 տոկոսը: Կը նշուի նաեւ, որ անոնց միայն 10 տոկոսն է, որ ծանր աղքատութեան մէջ կը գտնուի  եւ անոնք  կ'ապրին քէմփերու մէջ, իսկ մնացեալը տարածուած են Թուրքիոյ տարբեր շրջանները, մասնաւորաբար երկրի  Հարաւային շրջաններուն մէջ:Ուսումնասիրութեան շրջանակներէն ներս առաջարկուած է, որ կառավարութիւնը օժանդակելով քաղաքացիական հասարակութեան, աշխատանք տանի որոշել սուրիացիներու մասնագիտական ունակութիւնները , որպէսզի կարելի ըլլայ   անոնց մասնագիտական վերապատրաստում  շնորհել:Ուսումնասիրութիւնը յայտարարած է նաեւ, որ Թուրքիան պէտք է հրատապ եւ արագ միջոցներ ձեռնարկէ   երկրին մէջ առկայ փախստականներուն     ամբողջարկելու, նկատի ունենալով, որ ներկայիս փախստականներուն  թիւը արդէն գերազանցած է դէպի   Թուրքիոյ  ընդհանուր փախստականներու թիւին հոսքը   1923 թուականէն  ի վեր: