image

«Ամենաբարձր մրցանակը, որ կրնայի նուաճել» Սուրիացի երիտասարդուհիին «Տիանա» մրցանակը շնորհուած է

«Ամենաբարձր   մրցանակը, որ կրնայի նուաճել» Սուրիացի  երիտասարդուհիին «Տիանա» մրցանակը   շնորհուած է

«Այնքան հպարտ եմ յայտարարելու, որ այսօր պիտի ստանամ The Diana Award 2021-ը: Անիկա ամենաբարձր մրցանակն է,  որ  որեւէ երիտասարդ կրնայ նուաճել,  ընկերային ծառայութեան, մարդասիրական եւ կամաւորական աշխատանքներու ոլորտին մէջ»: Այս մասին գրած է սուրիացի  Ռուտի Ալի իր դիմատետրի էջին վրայ:

Սուրիոյ Աֆրին քաղաքին մէջ ծնած ՝ Ալի իր գրառումին մէջ նաեւ նշած է «Այս մրցանակը հիմնադրուած է ի յիշատակ Ուէյլզի իշխանուհի՝ Տայանային, որ մեծ հաւատք ունէր, թէ երիտասարդները կրնան փոխել աշխարհը: Մրցանակը կը շնորհուի իշխանուհիի անունը կրող բարեսիրական հիմնադրամին կողմէ, որ կը վայելէ հովանաւորութիւնը անոր զոյգ որդիներուն՝ Քէմպրիճի դուքս իշխան՝ Ուիլիըմին եւ Սասեքսի դուքս իշխան՝ Հերրիին»:

Ի դէպ, «Տայանա» միջազգային մրցանակը հիմնուած է 1999-ին, Կորտոն Պրաունի նախագահութեամբ: 2020-ին ան յայտարարեց թէ պատրաստ է ընդունիլ մասնակցութեան դիմումները 9 - 25 տարեկան երիտասարդներէ:

Այս մրցանակին նպատակն է, խթանել, ներշնչել ու քաջալերել դրական փոփոխութիւնները երիտասարդներու կեանքին մէջ, որդեգրուած երեք ծրագիրներու ընդմէջէն՝ «Վտանգի ենթարկուած երիտասարդներու խորհրդատուութիւն», «Բռնութեան դէմ պայքար երիտասարդներու ղեկավարութեամբ» եւ «Երիտասարդները պարգեւատրող հեղինակաւոր մրցանակ՝ Տայանա»:

Յիշեցնենք, որ 2017-ին նմանապէս այս մրցանակի դափնեկիրը սուրիացի մըն էր՝ Մայա Ղազալ, որ արժանացած էր այս գնահատանքին փախստականներու նկատմամբ ցուցաբերած իր օժանդակութիւններուն համար:

Լուրը՝ snacksyrian կայքէն