«Ստիպուած հեծանիւներ կը նորոգեմ, որպէսզի կերակրեմ ընտանիքս ու երեք զաւականերս»,- այսպէս խօսած է խմբապետ՝ Համիտ Խըտըր Ապտալլան, որ Տէր Զօր քաղաքի «Ալ Քսուր» թաղամասի մայթին վրայ վրանի մը տակ նստած հեծանիւներ կը նորոգէր»: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ սուրիական «Սնաք Սուրի» կայքէն։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Համիտ Ապտալլա, «Ալ Ֆթուէ» սուրիական ակումբի ձեռնագնդակի խումբի հիմնադիրն ու խմբապետն էր: Ան խաղացած է 70-ականներէն սկսեալ մինչեւ 1999, երբ իր շարժակաւոր հեծելանիւով արկածի մը ենթարկուելով ձախ ոտքը անդամահատուած է, եւ որուն պատճառաւ ան հեռացած է մարզաշխարհէն:
Ապտալլայի խօսքով՝ արկածէն ետք, ան եղած է պատասխանատուներու հոգատարութեան կեդրոնը, բայց ժամանակի ընթացքին մոռցուած է, հետեւաբար փնտռած ապրուստի այլ ճամբայ եւ բացած հեծանիւներ նորոգելու խանութ մը: «Բաւականին լաւ էր գործս, մինչեւ որ պատերազմը քանդեց ինչ որ տարիներու ընթացքին հիմնած էի, սակայն ընկերներու օգնութեամբ, բնակարանիս մօտ կրցայ ապահովել փոքր տեղ մը նոյն գործս շարունակելու համար։Պատերազմի տարիներուն իսկ, չլքեցի այս տեղը ու շարունակեցի աշխատիլ, մանաւանդ որ վառելանիւթի չգոյութեան պատճառաւ մարդիկ սկսած էին օգտագործել հեծանիւներ: Յաճախ անվճար կ'աշխատիմ, նկատի առնելով բոլորին վիճակը»,- ըսած է 50 ամեայ Ապտալլան, յենուելով իր ցուպերուն:
Կը նշուի, որ Ապտալլան «Ալ Ժէյշ» ակումբին մէջ խաղացած ատեն, այդ խումբը շահած է երկրի ախոյեանութիւնը 85, 86 եւ 87 թուականներուն:
Աղբիւրը գրած է, թէ ինչպէս Ապտալլան մեծ յուզմունքով պատմած է իր մարզական յուշերուն մասին,- «80ական տարիները լաւագոյն էին, խաղացի զանազան ակումբներու մէջ՝ «Ալ Ֆթուէ», «Ալ ժէյշ», մասնակցեցայ Միջերկրականի ախոյեանութիւններուն, որոնցմով այնքան հպարտ եմ: Կը ցանկայի շարունակել մարզական ասպարէզին մէջ, ցաւօք առողջական վիճակս առիթ չտուաւ եւ ստիպուեցայ լքել մարզադաշտը, բայց ձեռնագնդակի դաշտերուն մէջ անցուցած յիշատակներս երբեք չեն լքած զիս»: