image

Ջերմուկի շրջան. Եղանակային պայմաններու բերումով դժուարանցնելիութիւն կայ

Ջերմուկի շրջան. Եղանակային պայմաններու բերումով դժուարանցնելիութիւն կայ

Մ-2 միջպետական ինքնաշարժի ճամբու՝ Ջերմուկի խաչմերուկէն մինչեւ Սիսիանի խաչմերուկ երկարող հատուածը փակ է կցորդով փոխադրամիջոցներու համար։

Զանգեր-Գորայք հատուածին մէջ եւս պատկան մարմինները արտակարգ դրութեամբ աշխատանքներ կը կատարեն։

Ճամբան սպասարկող ընկերութեան ինքնաշարժները կ՚աշխատին անընդհատ։

Փրկարարական խումբերը արգելափակումէ դուրս կը բերեն ինքնաշարժները, իսկ պարեկային խումբերը կ՚ապահովեն այդ հատուածէն երթեւեկող ինքնաշարժներու անվտանգութիւնը եւ սահմանափակումներ կը կիրառեն՝ նախապէս կանխելով պատահարները։

Արագ արձագանգման խումբը տեղւոյն վրայ տարբեր տեսակի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ, իսկ Ճանապարհային վարչութեան Սիւնիքի մարզի պատասխանատուն կը համակարգէ ճամբաներու մաքրման աշխատանքները եւ այդ աշխատանքներուն համար պատասխանատու անձերուն հետ կը կազմակերպէ նաեւ արագ լուծում պահանջող այլ գործեր։