image

Քալիֆորնիան Thanksgiving-ը պիտի դիմաւորէ՝ փոթորիկներով

Քալիֆորնիան Thanksgiving-ը պիտի դիմաւորէ՝ փոթորիկներով

 

Քալիֆորնիա Գոհաբանութեան տօնին ընդառաջ կը պատրաստուի տեղատարափ անձրեւներու, հնարաւոր ջրհեղեղներու եւ ճամբաներու վտանգաւոր պայմաններու։ Այս մասին կը հաղորդէ NBC News-ը։

 

Տօնական շաբաթուան սկիզբը կը համընկնի նաեւ տարուան ամենաբարձր մակընթացութիւններու ժամանակաշրջանին հետ, ինչ որ կը մեծցնէ ծովափնեայ եւ ցածրադիր շրջաններու ջրածածկման վտանգը։

Քալիֆորնիոյ արտակարգ իրավիճակներու վարչութեան տուեալներով՝ ձմեռնային շարք մը փոթորիկներ նահանգին պիտի բերեն առատ տեղումներ, իսկ լեռնային շրջաններուն մէջ՝ ձիւն։ Կը սպասուի, որ Խաղաղ ովկիանոսէն եկող առաջին փոթորիկը Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ ծովափերը պիտի հասնի Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն։ Անոր հետ պիտի հասնի նաեւ այսպէս կոչուած մթնոլորտային գետը՝ Խաղաղ ովկիանոսի տաք շրջաններէն եկող խոնաւ օդի հոսանք մը, որ կրնայ երկարատեւ տեղատարափ անձրեւներու պատճառ դառնալ։

ԱՄՆ-ի ազգային օդերեւութաբանական ծառայութեան կանխատեսումով՝ Սան Ֆրանսիսքոյի ծոցի որոշ շրջաններուն մէջ տեղումները կրնան հասնիլ մինչեւ 7,6 սանթիմեթրի։ Ծովափնեայ ջրհեղեղներու վերաբերեալ նախազգուշացումը ուժի մէջ է Երկուշաբթի առաւօտէն մինչեւ Հինգշաբթի։ Ցածրադիր շրջաններուն մէջ ջուրին մակարդակը կրնայ բարձրանալ մինչեւ շուրջ 90 սանթիմեթր, իսկ քամիին պոռթկումներուն արագութիւնը՝ ժամական 72 քիլոմեթրի։

Սան Ֆրանսիսքոյի քաղաքապետ Տանիէլ Լուրին յայտարարած է, որ քաղաքին արտակարգ գործողութիւններու կեդրոնը պատրաստ վիճակի բերուած է։ Ան զգուշացուցած է, որ տեղատարափ անձրեւներու եւ բարձր մակընթացութիւններու համադրութիւնը կրնայ քաղաքին մէջ աննախադէպ ջրածածկում յառաջացնել, եւ բնակիչներուն յորդորած է Երկուշաբթիէն Չորեքշաբթի, կարելիութեան պարագային, խուսափիլ երթեւեկելէ։

Առանձնայատուկ վտանգ կը ներկայացնեն այսպէս կոչուած արքայական մակընթացութիւնները՝ տարուան ամենաբարձր մակընթացութիւնները, որոնք կը սպասուին Երեքշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի։ ԱՄՆ-ի ծովափնեայ պահպանութեան ծառայութեան տուեալներով՝ ջուրին մակարդակը կրնայ 1,8-2,4 մեթրով գերազանցել տեղատուութեան միջին մակարդակը։ Սա վերջին 18 տարիներուն արձանագրուած ամենաբարձր ցուցանիշն է։ Փոթորիկի ընթացքին ջուրին մակարդակը կրնայ աւելի բարձրանալ՝ ջրածածկելով փողոցները, ծովափերը եւ ծովափնեայ ենթակառոյցները։

Իշխանութիւնները նաեւ կը զգուշացնեն նաւակներու եւ նաւերու սեփականատէրերուն սպառնացող վտանգին մասին՝ ալեկոծութեան սաստկացման եւ նաւամատոյցներուն ամրացնող ճոպաններուն վրայ ծանրաբեռնուածութեան աճին պատճառով։ Բացի այդ, իբրեւ նախազգուշական միջոց՝ Կիրակիէն մինչեւ Ուրբաթ պիտի փակուի Օքլընտը Ալամետա կղզիին կապող Փոզի թունելը։

Փոթորիկները ձիւն պիտի բերեն Սիէռա Նեւատայի լեռները, որ կրնայ դժուարացնել ինքնաշարժներու երթեւեկութիւնը տարուան ամենածանրաբեռնուած ժամանակաշրջաններէն մէկուն ընթացքին։ Փոխադրութեան վերլուծութիւններով զբաղող INRIX ընկերութեան տուեալներով՝ Գոհաբանութեան տօնին ընդառաջ ԱՄՆ-ի ճամբաներուն վրայ ամէնէն խիտ երթեւեկութիւնը կը սպասուի Երեքշաբթի եւ Չորեքշաբթի օրերուն։

Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ նահանգին հիւսիսային հատուածին համեմատելի առատ տեղումներ տակաւին չեն նախատեսուիր, սակայն ծովափնեայ ջրհեղեղներու վերաբերեալ նախազգուշացումներ ուժի մէջ են նաեւ այս շրջանին որոշ հատուածներուն մէջ։ Օրեկոնի մէջ եւս կը սպասուին երկարատեւ անձրեւներ եւ ծովափնեայ շրջաններու հնարաւոր ջրածածկումներ։