Բրիտանական The Independent-ին մէջ մեղադրական ծանր յօդուած մը լոյս տեսած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն մասին: Յօդուածը կը կրէ Ռոպըրթ Էլլիսի ստորագրութիւնը, որ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով Թուրքիոյ այսօրուան ընդհանուր իրավիճակը նշած է, թէ «Արդարութիւն եւ Զարգացում» (AKP) կուսակցութեան իշխանութեան գալէն ետք 2002-ին, Թուրքիան դարձած է սրիկա եւ աւազակ պետութիւն մը, եւ նախագահ Ռէճէպ Թայիպ Էրտողանը դարձած է «սրիկայ ղեկավար մը, որ կը միջամտէ օրէնքներու կիրառման, երիտասարդներու սեռային յարաբերութիւններու, ծխելու եւ գինի խմելու, արուեստի եւ ճարտարապետութեան հարցերուն մէջ»: Ըստ Էլլիսի, այս անգամ գերազանցելով ինքն իրեն, Թուրքիոյ դատարանը 92 օրով բանտարկել տուած է երկու լրագրողներ, անոնց կողմէ՝ Թուրքիայէն Սուրիոյ ահաբեկիչներուն զինամթերքի առաքման գործողութեան շուրջ եղած բացայայտումին պատճառով, ինչը կը նկատուի յարձակում անոնց իրաւունքներու եւ մամլոյ խօսքի ազատութեան վրայ: Յօդուածագիրը նաեւ նշած է, որ այս ընթացքին հետզհետէ կ'աճի ցուցակը այն լրագրողներուն, որոնք կը մեղադրուին նախագահ Էրտողանի հասցէին վիրաւորական արտայայտութիւններ ընելով, որոնց շարքին է նախկին ֆուտպոլի ախոյեան մը, թերթերէն մէկուն մէջ գրող մը, համալսարանական ուսանող մը եւ երկու ընդդիմութեան առաջնորդներ: «Մինչեւ օրս կայ մօտ 1845 մարդ, որոնց հասցէագրուած է այս մեղադրանքը: Բեռնատար ինքնաշարժի վարորդ մը բողոք ներկայացուցած է իր կնոջ դէմ, յայտնելով, որ ան անէծքի խօսքերով կը հայհոյէ Թուրքիոյ նախագահին, ամէն անգամ երբ Էրտողանը հեռուստատեսութեամբ ելոյթ կ'ունենայ»: Գրողը նաեւ նկատկել կու տայ, որ ըստ Մեծ Բրիտանիոյ մէջ նախկին Թուրքիոյ դեսպանի մը, Թուրքիան Միջազգային Դաշնութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու աչքին այլեւս առաջուան հեղինակութիւնը չունի եւ կորսնցուցած է իր նախկին դիրքը, որպէս ազնիւ միջնորդ, որ կրնար օգտակար դառնալ տարածաշրջանային ճգնաժամերու լուծման: