Ղրիմի վերադարձէն ետք Ռուսաստանի ուժեղացումը Սեւ ծովու տարածաշրջանին մէջ հնարաւորութիւն չի տար ՆԱԹՕ-ին արագ եւ համոզիչ յաղթանակ տանելու հնարաւոր հակամարտութեան պարագային: Ինչպէս կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, նման կարծիք յայտնած է The National Interest պարբերականի վերլուծաբանը:
Հեղինակը յղում ըրած է ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինին, որու կարծիքով երրորդ համաշխարհային պատերազմը չէր սկսեր, եթէ նոյնիսկ ռուսական ռազմանաւերը խորտակէին բրիտանական Defender ականակիրը, եւ Արեւմուտքը կը հասկնայ իր պարտութիւնը այս տարածաշրջանին մէջ:
«Փութինի վստահութիւնը կրնայ լիովին տեղին ըլլալ»,- գրած է վերլուծաբանը: Անոր խօսքով՝ Սեւ ծովուն մէջ տիրող ներկայ անկայուն վիճակի հիմքը Ղրիմի կարգավիճակի հարցն է: Քիեւը քանի մը արեւմտեան պետութիւններու հետ «խորհրդանշական քայլեր կը ձեռնարկէ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան հաստատման համար»՝ զօրավարժություններ կայացնելով Սեւ ծովուն մէջ, ռուսական տարածքի մօտ: Քրեմլինը, իր հերթին, կոշտ կ'արձագանգէ այդ սադրանքներուն:
ՆԱԹՕ-ի եւս մէկ գլխացաւանքը «Ցիրկոն» գերձայնային թեւաւոր հրթիռն է, որ կը սահմանափակէ ամերիկեան ռազմածովային ուժերու հարուածային խումբի ունակութիւնը՝ գնահատելու իր գործողութիւններու հզօրութիւնը Ռուսաստանի տարածքին: