Թուրքիան այժմ կ'ընկալուի, որպէս թմրապետութիւն, Լատինական Ամերիկայէն թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան մէջ վերջին մեղադրանքներուն պատճառով: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ տնտեսութեան նախկին նախագահ՝ Ալի Պապաճանը, հաղորդած է Karar-ը:
«Մենք տարիներով պայքարած ենք մեր երկիրը իրաւական պետութիւն դարձնելու համար: Սակայն երկիրը կ'երթայ թմրապետութեան ճանապարհով: Անոր ֆոնին նախագահ՝ Ռէճէպ Էրտողան կը շարունակէ խօսիլ տնտեսական յաջողութիւններու մասին: Պարո՛ն Էրտողան, այդ տարիները անցած են: Մենք ոսկեդար բացած ենք տնտեսութեան համար: Մեր տնտեսութեան հիմքը օրէնքն է: Արդարադատութիւնը ամենակարեւոր հարցն է: Առանց արդարադատութեան չկայ տնտեսութիւն, բարգաւաճում, հարստութիւն»,-ըսած է Պապաճանը: